5 Փետրուար 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Անասթասիատիսի վերընտրութեան առիթով, անոր ուղղուած շնորհաւորական յատուկ գիրին մէջ ըսաւ. «Ձեր վերընտրութիւնը պերճախօս վկայութիւն մըն է ձեր անձին նկատմամբ ժողովուրդին ունեցած վստահութեան, ինչպէս նաեւ ակնկալութեան»։ Ապա Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, թէ իր նախագահական առաջին շրջանին «շնորհիւ հետեւողական եւ յանձնառու ճիգերուն, կարեւոր իրագործումներ կատարուեցան տնտեսական բնագաւառէն ներս, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի վերամիացման աշխատանքին մէջ»։
Այս առիթով, Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց նաեւ Կիպրոսի հայութեան նկատմամբ նախագահին ցուցաբերած հոգածութեան եւ հայ դատին նկատմամբ անոր ունեցած զօրակցութեան համար։