13 February, 2018

ՆՈՐԻՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՄԱՐՈՔԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երեքշաբթի, 13 Փետրուար 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մօտ Մարոքի դեսպան Մոհամմատ Քրին։ Դեսպանին առաջին այցելութիւնը ըլլալով, Վեհափառ Հայրապետը լայն ծանօթութիւններ տուաւ ընդհանրապէս Հայաստանի ու Սփիւռքի եւ յատկապէս Լիբանանի հայութեան մասին, միաժամանակ անդրադառնալով Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան։

 

Հանդիպման ընթացքին կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան հրամայականը։ Այս ծիրէն ներս դեսպանը պարզեց իր երկրին հաւասարակշռուած մօտեցումը կրօնական հարցերու գծով, ինչպէս նաեւ գործակցութեան պատրաստակամութիւնը այն բոլոր աշխատանքներուն ու նախաձեռնութիւններուն, որոնց նպատակը արդարութեան ու մարդկային իրաւանց վրայ հաստատուած խաղաղութիւնն է ու ազգերու միջեւ փոխադարձ յարգանքը։

More News