Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԱՍԻՆ ԱԶՀԱՐԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ
Այս գիշեր, Երեքշաբթի 16 Յունուար, Վեհափառ Հայրապետը մեկնեցաւ Գահիրէ, մասնակցելու Երուսաղէմի հարցին շուրջ Ազհարի կազմակերպած միջազգային համագումարին։ Վեհափառ Հայրապետին կ՚ընկերանան Թեհրանի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։ Համագումարը տեղի կ՚ունենայ նախագահութեամբ Եգիպտոսի եւ Պաղեստինի նախագահներուն ու մասնակցութեամբ կրօնական, պետական ու քաղաքական բարձրաստիճան…