Այս առաւօտ, 3 Յունուար 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան Կուսակցութեան ազգային ժողովի երեսփոխաններու խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեանը՝ իր ընտանիքով։
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու Հայաստանին, Արցախին ու Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուած հարցերուն ու մարտահրաւէրներուն։