Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ ընկերային ծառայութիւնը. Ս. Աթոռիս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յաճախ կը շեշտէ, թէ Հայ եկեղեցին ըլլալով ժողովուրդին եկեղեցին, հարկ է, որ ընկերային ծառայութիւնը դարձնէ առանցքային ներկայութիւն իր կեանքին ու առաքելութեան մէջ։
Այս ծիրին մէջ ու ամէն տարուան նման, այս տարի եւս Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներու առիթով, Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի Կանանց լսարանը 187 ընտանիքներու, 17 ծերունիներու եւ 92 փոքրիկներու սրտերուն մէջ ցանեց ուրախութեան սերմեր իր նախաձեռնած օժանդակութիւններու արշաւին միջոցով։
Կանանց լսարանի «Կապոյտ հրեշտակներ» անունով 49 կամաւորներէ բաղկացած բանակը անցնող շաբաթներու ընթացքին իր թանկագին ժամանակէն տրամադրեց եկեղեցւոյն ու ժողովուրդին ծառայութեան։ Կամաւորները պատրաստեցին կաղանդի եւ յառաջիկայ քանի մը ամիսներու սեղանները ճոխացնող 24 տեսակ ուտեստեղէններ եւ այլ նուէրներ, ինչպէս՝ սառնարան, անկողին եւ այլն։ Այս նուէրները ժողովուրդի զաւակներուն հասան կամաւորներուն եւ միաբան հայրերու աշխատանքով։ Վերջիններս այցելեցին օժանդակութիւն ստացող ընտանիքները եւ աղօթեցին ու անոնց փոխանցեցին Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։
Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութիւնը (ՀԵՀՈՄ) եւս մատուցեց իր ընկերային ծառայութիւնը։ Երեքշաբթի, 26 Դեկտեմբեր 2017-ին, ՀԵՀՈՄ-ականները շուրջ 200 կարիքաւոր ընտանիքի փոքրիկներ համախմբեցին ՀԵՀՈՄ-ի հարկին տակ, ու ճոխ մթնոլորտ մը ստեղծելով անոնց համար խաղեր կազմակերպեցին ու նուէրներ բաժնեցին։
Նշենք, որ Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի առիթով Վեհափառ Հայրապետը այցելութիւններ տուած էր Թռչնոց բոյն, Պուրճ Համուտի ազգային ծերանոց, Ազունիէի ազգային բուժարան, այդտեղի մամիկներուն, պապիկներուն ու որբերուն հետ կաղանդ տօնած ու աւարտին նուէրներ նուիրած էր անոնց։