Յունուար 30-ին, Լիբանանի Հանրապետութեան Միւֆթիի կեդրոնատեղիին՝ Տար էլ-Ֆաթուայի մէջ, տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը՝ Գերմանիոյ նախագահ Ֆ. Սթէյնմէյըրի եւ Լիբանանի քրիստոնեայ ու իսլամ համայնքապետներուն միջեւ։ Յիշեալ խորհրդակցական հանդիպումին յանուն Վեհափառ Հայրապետին մասնակցեցաւ Լիբանանի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան։
Յայտնենք, որ Գերմանիոյ նախագահը Լիբանան կը գտնուի երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ։ Նաեւ յայտնենք, որ Գերմանիոյ դեսպանը յիշեալ այցելութեան կապուած խորհրդակցութիւն մը ունեցած է Վեհափառ Հայրապետին հետ։