ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐ Կ՚ԱՅՑԵԼԵՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

Չորեքշաբթի, 6 Դեկտեմբեր ­2017-ին, Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական համալսարանէն խումբ մը ուսանողներ իրենց՝ «Արեւելեան ժամանակակից եկեղեցիներ» դասանիւթի դասախօս դոկտ. Ռիմա Նասրալլահ Վան Սաանէի հետ այցելեցին Անթիլիասի մայրավանք։ Անոնց այցելութիւնը սկիզբ առաւ «Կիլիկիա» թանգարանէն, որմէ ետք հանդիպեցան միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութեանց փոխվարիչ՝ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեանի հետ։ Հայր սուրբը հակիրճ ձեւով ներկայացուց Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան գլխաւոր հանգրուանները ու պատասխանեց անոնց հարցումներուն։ Ուսանողները տեսակցութիւն ունեցան նաեւ քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի ու կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ՝ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի հետ, որ անոնց ներկայացուց Հայ եկեղեցւոյ երգաբանութիւնը։

 

Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական համալսարանի ուսանողները Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանէն ուղղուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան, Ճիպէյլ։

 

Նշենք, որ ուսանողները եկած էին տարբեր երկիրներէ՝ Գերմանիայէն, Զուիցերիայէն, Աւստրիայէն, Հոլլանտայէն, Սինկափուրէն, Միացեալ Նահանգներէն, Շուէտէն, Սուրիայէն եւ Լիբանանէն։