2 Մարտի, 2018

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿ ՄԸ ՅՂԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀ ՏԻԱՐ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անձնապէս եւ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան ու Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ջերմօրէն կը շնորհաւորէ Հայաստանի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ՝ Արմէն Սարգիսեանը։

 

 

 

 

Նորին Վսեմութիւն

Տիար Արմէն Սարգիսեան

Նախագահ

Հայաստանի Հանրապետութեան

Երեւան

 

Սիրելի՛ Պրն. Նախագահ,

 

Անհուն ուրախութեամբ կ’ողջունենք Ձեր ընտրութիւնը, որպէս Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան, որ գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը կը համընկնի Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակին։

 

Անձնապէս եւ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան ու Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ձեզ։ Քաջածանօթ ըլլալով Ձեր անձին ու երկար տարիներու գործունէութեան, լիայոյս ենք, որ լաւագոյնս պիտի արդարացնէք մեր ժողովուրդին Ձեզի հանդէպ ցուցաբերած վստահութիւնը։ Վստահութիւն մը, որ նաեւ արտայայտուեցաւ նախընտրական հանգրուանին Ձեր թեկնածութեան նկատմամբ հայրենիքի թէ Սփիւռքի ղեկավարութեան ու կառոյցներուն դրական կեցուածքներով։

 

Ինչպէս շուրջ շաբաթ մը առաջ Անթիլիասի Մայրավանք Ձեր կատարած այցելութեան ընթացքին յայտնեցինք, վստահ ենք, որ մօտէն ծանօթ ըլլալով Հայաստանի ներքին կեանքին ու Սփիւռքի պայմաններուն, ինչպէս նաեւ Ձեր ստանձնած պատասխանատուութիւններու փորձառութեան լոյսին տակ, առաւել եւս պիտի զօրացնէք Հայաստանի դիրքն ու դերը՝ թէ՛ ազգային եւ թէ միջազգային մակարդակներու վրայ։

 

Այս առիթով անգամ մը եւս կը հաստատենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ իր բոլոր միջոցներով զօրավիգ կանգնիլ մեր սիրելի հայրենիքին։ Թող Աստուած իմաստութեամբ ու առողջութեամբ զօրացնէ Ձեզ, որպէսզի հայրենի իշխանութեան գործակցութեամբ եւ համայն մեր ժողովուրդին զօրակցութեամբ իրագործէք Ձեր հայրենաշէն ծրագիրները։

Հայրապետական օրհնութեամբ եւ սիրոյ ջերմ ողջունիւ,

 

Աղօթարար՝

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

More News