29 September, 2023

ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐՄԻՆ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ

Մի քանի օրեր առաջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը համազգային զօրաշարժ յայտարարած էր՝ ի խնդիր Արցախի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ընկերատնտեսական կարիքներու օժանդակութեան: Այս ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը խորհրդակցելէ ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան եւ թեմակալ առաջնորդներուն հետ, Արցախի հայութեան օժանդակութեան մարմին մը նշանակեց։ Մարմնին մաս կը կազմեն.-

 

            — Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան (առաջնորդ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմին)

            — Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան (առաջնորդ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմին)

            — Մեթր Ժիրայր Հապիպեան (ազգային վարչութեան ատենապետ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ Շրջակայից թեմին)

            — Շինարար Յակոբ Լուսարարեան (ազգային վարչութեան անդամ Լիբանանի թեմին)

 

Յիշեալ մարմինը անմիջապէս լծուեցաւ աշխատանքի: Արդէն իսկ հիւսիսային Ամերիկայի արեւելեան եւ արեւմտեան թեմերու օժանդակութեամբ 100,000 տոլար կը գտնուի մարմնին տրամադրութեան տակ: Օժանդակութեան ընթացքը պիտի կատարուի կազմակերպուած ու հետեւողական կերպով՝ տեղւոյն վրայ նկատի ունենալով կարիքներու առաջնահերթութիւնը ու անմիջականութիւնը:

 

Կոչ կ՚ուղղենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերելու Արցախի մեր սիրելի զաւակներուն օժանդակութեան համազգային աշխատանքին:

 

Ձեր նիւթական մասնակցութիւնը կրնաք ուղարկել Ժընեւի մէջ յատուկ կերպով հաստատուած դրամատան հետեւեալ հասցէին.-

 

Pictet Account Details — ARTSAKH Fund

 

Beneficiary:    Armenian Catholicosate of Cilicia

Account:         W-502039.005

Iban:               CH93 08755 0502 0390 0500

Bank:              Banque Pictet & Cie SA,

Address:         Route des Acacias 60, CH-1211 Geneva 73

Swift:              PICTCHGG

Reference:      Fund for Artsakh

 

ԴԻՒԱՆ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿՈՅ

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ