ՍԱԱՏ ՀԱՐԻՐԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Երեքշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2023-ին, ընդունեց Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին եւ Մուսթաքպալ հոսանքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին։   Մուսթաքպալի պատուիրակութիւնը Հայրապետին փոխանցեց վարչապետ Հարիրիի ողջոյնները եւ միաժամանակ արտայայտեց անոր խոր ցաւը՝ ի տես Արցախի մէջ պատահող փոփոխութեանց, ժողովուրդին…