Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Հինգշաբթի, 21 Սեպտեմբեր 2023-ին, տեղի ունեցաւ Հանրապետական Մաղթանք՝ Հայաստանի վերանկախացման 32-րդ տարեդարձին առիթով եւ Արցախի զօրակցական աղօթք։ Արարողութեան աւարտին Հայրապետին ձեռամբ օրհնուեցան Հայաստանի ու Արցախի դրօշները, ապա Նորին Սրբութիւնը յղեց իր Հայրապետական պատգամը։
Վեհափառ Հայրապետը պատգամը սկսաւ իր խոր ցաւը յայտնելով մեր ազգի ներկայ պայմաններուն ընդառաջ եւ ըսաւ, որ «Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 32-րդ տարեդարձը կ՚ողջունենք տագնապալից պայմաններու մէջ: Երկար ամիսներու սովէ ու տառապանքէ ետք, այսօր Արցախը կը գտնուի մահուան դէմ յանդիման»։
Ապա, Նորին Ս. Օծութիւնը յայտնեց, որ հակառակ մեր կատարած զիջումներուն, վարած բանակցութիւններուն, կատարած յայտարարութիւններուն, հրապարակած դատապարտութիւններուն, միջազգային համայնքին եղած դիմումներուն, Ազրպէյճանը հետզհետէ ծաւալեց իր սադրանքները եւ շարունակեց Արցախի դէմ ցեղասպանութիւնը՝ անգամ մը եւս նեցուկը ունենալով Թուրքոյ եւ Իսրայէլին։ Հայրապետը աւելցուց, որ միջազգային համայնքը լոկ կոչեր հրապարակողի եւ զօրակցութիւն յայտնողի դերին մէջ մնաց։ «Փաստօրէն անպաշտպան ենք ու առանձին։ Կարելի չէ՛ այլեւս հանդուրժել մեր ժողովուրդին դէմ կատարուող սադրանքները, սպառնալիքները, ռմբակոծումներն ու յարձակումները: Կարելի չէ՛ այլեւս համակերպիլ պարտադրուած իրավիճակներուն: Արցախի ժողովուրդին անվտանգութեան ու իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը միջազգային համայնքին պարտաւորութիւնն է ու նաեւ, եւ մանաւա՛նդ, մեր ազգին համար՝ առաջնահերթութիւն: Եթէ այսօր յաւերժ կորստեան սեմին գտնուող Արցախը չկարենանք փրկել, վաղը կրնայ Հայաստանը նմանօրինակ կացութեան մէջ գտնուիլ», ընդգծեց ան ու յորդորեց ըլլալ արթուն եւ հեռատես, որովհետեւ պատահական չեն Ազրպէյճանի կողմէ առնուած զինուորական-քաղաքական բոլոր տեսակի քայլերը:
Իր պատգամի աւարտին, Արամ Ա. Կաթողիկոսը ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԶՕՐԱՇԱՐԺի կոչ ուղղեց համայն հայութեան. այլ ընտրանք չկայ։ «Այսօր անցեալը ու ներկան քննադատելու ժամանակը չէ. այսօր Արցախի ներկան ու Հայաստանի ապագան փրկելո՛ւ ժամանակն է: Համախմբուի՛նք համազգային այս սրբազան տեսլականին ու յանձնառութեան շուրջ՝ մեր ազգին ողջ ներուժով» խրախուսեց Հայրապետը։
«Վստահինք մեր սեփական ոյժին: Մեր ազգին ոյժը իր հաւաքական հաւատքին, վճռակամութեան ու միութեան մէջ է: Ա՛յլ ճամբայ չունինք մեր դիմաց: Եկէ՛ք միասնաբար քալենք այս ճամբէն՝ վերանորոգ հաւատքով զօրացած ու վառ յոյսով շաղախուած». այս բառերով Հայրապետը եզրափակեց իր պատգամը։