ԻՐԱՆԻ ՀԱՅ ԳՈՐԾԱՏԷՐԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ

Երկուշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Թեհրանի «Արամ Մանուկեան» դահլիճին մէջ պատւոյ հիւրը եղաւ Իրանի Հայ Գործատէրերու Միութեան անդամներուն:
 
Այս առիթով ողջոյնի ու բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Իրանի Հայ Գործատէրերու Միութեան նախագահը: Յակոբ Յակոբեան իր բացման խօսքին ընդմէջէն լուսարձակի տակ առաւ Վեհափառ Հայրապետին 20 տարիներու ազգային ու հոգեւոր զոյգ մարզերէն ներս ունեցած մեծ վաստակը: Ապա սրտի խօսքով հանդէս եկաւ իրանահայ «Ալիք» օրաթերթի տնօրէն՝ Արա Շահնազարեանը, որ Վեհափառ Հայրապետին տեղեկացուց Իրանի Հայ Գործատէրերու Միութեան հեռանկարներուն եւ ծաւալած աշխատանքներուն մասին: Իր կարգին Թեհրանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան խօսք առնելով, ընդգծեց Իրանի ճարտարարուեստի կեանքին մէջ Հայ Գործատէրերու Միութեան ունեցած կարեւոր տեղն ու դերը:
 
Հանդիպման փակումը կատարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը: Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց սոյն միութեան ունեցած ներդրումը իրանահայ մշակութային, կրօնական եւ ազգային բնագաւառներէն ներս: