Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՔԻ ԻՍԼԱՄ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԷՆ ՇԷՅԽ ԵՈՒՍԷՖ ԱԼ-ՆԱՍԻՐԻՆ
Հինգշաբթի, 29 Դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Իրաքի իսլամ ղեկավարներէն, Իսլամ Կրօնաւորներու Խորհուրդին Ընդհանուր Քարտուղար Դոկտ. Շէյխ Եուսէֆ Ալ-Նասիրին, ընկերակցութեամբ Արաբական Իսլամական Համախմբումի Դիմադրութիւն Զօրակցութեան Ընդհանուր Քարտուղար Տոքթ. Եահեա Ղատարիի։ Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ վերարժեւորումի ենթարկելու Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութիւնը Միջին արեւելքէն ու յատկապէս Իրաքէն ներս։ Նորին Սրբութիւնը…