Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԺԱՄԱՆԵՑ ԹԵՀՐԱՆ

Առնուած «Ալիք» Օրաթերթէն

 
Երեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր շքախումբի անդամներով ժամանեց Թեհրան: Նորին Սրբութիւնը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Մայրաքաղաքի օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ «Կրօնքներու Երկխօսութեան Միջազգային Կեդրոն»ի Նախագահին, Թեհրանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի, Ատրպատականի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանի եւ Սպահանի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սիփան Ծ. Վրդ. Քէչէճեանի, այլեւ Սպահանի եւ Հարաւային Իրանահայութեան պետական ներկայացուցիչ՝ երեսփոխան Ճորճ Աբրահամեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Վարդան Վարդանեանի, թեմական եւ ազգային ներկայացուցիչներու եւ զանազան միութիւններու պատասխանատուներուն կողմէ:
 
Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերակցին Տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական յանձնախումբի ատենապետ՝ Նորա Պայրաքտարեան եւ Սուրիահայութեան պետական ներկայացուցիչ՝ երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան:
 
Օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը ներկայ բազմութեան ուղղելով ըսաւ. «Փառք եւ գոհութիւն կը յայտնենք առ բարձրեալն Աստուած, որ անգամ մը եւս առիթը ունեցանք այցելելու Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն եւ ըլլալու մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ: Մենք կազմակերպուած համայնք եղած ենք Իրանի մէջ, եւ պատմութեան ընթացքին մեր գործօն մասնակցութիւնը բերած այս օրհնեալ երկրի զարգացման մէջ: Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ մեր Աթոռին յարաբերութիւնը միշտ եղած է անմիջական եւ հիմնուած՝ փոխադարձ յարգանքի վրայ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կրօնական-մշակութային յարաբերութեանց բաժանմունքին միջեւ երկխօսութիւնը աւելի քան 15 տարիներու պատմութիւն ունի, որոնք կերտուած են Թեհրանի եւ Անթիլիասի մէջ»:
 
Յայտնենք, որ Նորին Սրբութիւնը Թեհրանի մէջ իր 20-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնները նախագահելուն կողքին, պիտի մասնակցի Միջ-եկեղեցական եւ Միջ-կրօնական ժողովներու եւ հանդիպումներու, ինչպէս նաեւ տեսակցութիւններ պիտի ունենայ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան բարձրաստիճան ղեկավարներու հետ: