27 December, 2016

ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ առաջին Մարտիրոս Սարկաւագին՝ Ս. Ստեփանոս Նախավկային տօնին առիթով, Կիրակի, 25 Դեկտեմբեր 2016-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ պատարագ, նախագահութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Ս. Պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի նախկին տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան:

            Անցեալէն մեզի հասնող աւանդութեան համաձայն, առաւօտեան ժամերգութեան «Փառք ի Բարձունս»ի երգեցողութեան ընթացքին Դպրեվանքի Սարկաւագաց դասը քահանայական սաղաւարտներ դրած եկեղեցւոյ մէջ՝ խնկարկեցին, Աստուծոյ ծառայութեան ու սպասաւորութեան որպէս նշան:

            Պատարագի ընթացքին, պատարագիչ Հայր Սուրբը իր տուած քարոզին մէջ խօսեցաւ Սարկաւագին մեր Եկեղեցիէն ներս ունեցած կարեւորութեան ու արժէքին մասին: Հայր Սուրբը խրատական խօսքերով դիմեց Սարկաւագաց դասուն, ըսելով. «Այսօր Աստուած չուզեր մեզմէ, որ մարմնապէս նահատակուինք իրեն համար, այսօր Քրիստոս չուզեր որ ֆիզիքապէս զոհուինք իր փառքին համար, որովհետեւ իր փառքը արդէն հաստատուած է աշխարհի տարծաքին: Տարբեր նահատակութիւն մըն է որ Աստուած կ’ուզէ տեսնել այսօր մեր կեանքէն ներս: Այսօր Ս. Ստեփանոսի տօնին ընդմէջէն Աստուած կը հրաւիրէ մեզ, որպէսզի մեր ես-ը նահատակենք Քրիստոսի սիրոյն: Ան կը հրաւիրէ մեզ, որ հոգեւոր, մարդկային եւ ընկերային արժէքները նախապատիւ դաւանիք քան մեր ես-ը»:

            Յաւարտ Ս. եւ Անմահ պատարագին Վեհարանի դահլիճին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը, Սարկաւագաց դասը եւ հաւատացեալ ժողովուրդը: Վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր, նուիրուած Ս. Ստեփանոս Նախավկայի տօնին:

            «Ստեփանոս Քաղցրիկ Տատրակ» եւ «Աշակերտք Քրիստոսի» շարականներու երգեցողութենէն ետք, Սարկաւագներուն անունով խօսք առնելով, իր ուղերձին ընդմէջէն ծառայութեան ճամբուն մէջ մնալու ուխտը վերանորոգեց՝ Բարշ. Աւետիս Սրկ. Ասայեան: Ան Սարկաւագաց դասուն անունով խոստացաւ հաւատարիմ մնալ Հայ Եկեղեցւոյ սկզբունքներուն եւ աւանդութիւններուն, ծառայութեան ու նուիրումի ճամբով կեանքի կոչելու Ս. Ստեփանոս Նախավկայի կեանքի օրինակը:

            Այս առիթով, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Հետեւելով Ս. Ստեփանոս Նախավկայի կեանքի օրինակին, պէտք է գիտնալ, որ ճշմարիտ ծառան այն է, որ հաւաքականը աւելի վե՛ր կը դասէ քան իր անձը, կապուած կը մնայ հոգեմտաւոր արժէքներուն եւ ոչ թէ նիւթականին, առաջնահերթ կը դասէ Եկեղեցի՛ն եւ ոչ թէ իր անձնական շահերն ու հետաքրքրութիւնները»: Խօսելով օրուան խորհուրդին մասին, Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց նաեւ, թէ «Ս. Ստեփանոսի տօնը յիշեցում է Եկեղեցւոյ՝ ծառայութիւնը նկատելու իր կեանքի առանցքը»:

            Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը յատկապէս ուղղելով Միաբան հայրերուն եւ Դպրեվանքի սաներուն, ըսաւ. «Այս օրը մեր ծառայական կեանքի վերանորոգութեան օրն է: Մեզմէ իւրաքանչիւրը սարկաւագ է, այլ խօսքով՝ ծառայ: Եւ Հայ Եկեղեցին միւս եկեղեցիներէն տարբերողը այն է, որ ոչ միայն հոգեւոր այլ նաեւ ազգային գետնի վրայ լծուած է ժողովուրդի ծառայութեան»:

            Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը Ս. Ստեփանոսի տօնին առիթով պահպանիչով օրհնեց Սարկաւագաց դասն ու ծառայութեան լծուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Միաբանութիւնը:

More News