ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ՆԻՍՏԵՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ յառաջիկայ օրերուն Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս յաջորդաբար տեղի պիտի ունենան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու լիակատար նիստեր։

            Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կանոնագրութեան համաձայն Կրօնական Ժողովը պիտի քննարկէ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան առնչուած կրօնական բնոյթ ունեցող աշխատանքներ ու ծրագիրներ. իսկ Քաղաքական Ժողովը՝ տնտեսական, վարչական, շինարարական եւ ընդհանրապէս ոչ-կրօնական բնոյթի հարցեր ու աշխատանքներ։

            Ժողովական աշխատանքներու ընթացքին յատուկ ուշադրութեան նիւթ պիտի դառնայ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի, կրօնական դաստիարակութեան, երիտասարդութեան, ընկերային ծառայութեան եւ եկեղեցի-ժողովուրդ յարաբերութեանց հետ աղերս ունեցող աշխատանքներ։