19 January, 2017

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ «ՎԿԱՅԱՐԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ»

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ Ռիչըրտ եւ Թինա Գարոլան Հրատարակչական Հիմնադրամի թիւ 19-ը հատորը՝ «Վկայարան Հայկական Ցեղասպանութեան» (Գիրք Զ.), Անթիլիաս, 2016, 320 էջ։

            Սոյն հատորը շարունակութիւնն է նոյն խորագիրը կրող մատենաշարի նախորդ 5 հատորներուն: Հեղինակը հաւատարիմ մնացած է իր իսկ ստեղծած աւանդոյթին՝ ընթերցողին ներկայացնել Հայաստանի, Կիլիկիոյ, Օսմանեան կայսրութեան եւ այլ վայրերու մէջ թուրքի եւ քիւրտի նախճիրներուն ականատես դարձած ու անոնցմէ հրաշքով փրկուած հայոց յուշագրութիւններուն ամփոփումները: Այդ վկայութիւնները մէկական ամբաստանագիրներ են ուղղուած հայոց դէմ գործուած աննախընթաց ոճիրին հեղինակներուն ու անոնց ժառանգորդներուն: Առ այսօր Իսկահատեանի ընթերցած տպագիր գիրքերուն քանակը կը մօտենայ 300-ի:

More News