Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԻՒՊԱՏՈՍ՝ ՏԻԳՐԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆԸ

Երկուշաբթի առաւօտ, 26 Դեկտեմբեր 2016-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հալէպի մէջ Հայաստանի Հիւպատոս՝ Տիգրան Գէորգեանը։ Առաջին հերթին, Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Պրն. Հիւպատոսին, որ Սուրիական տագնապի տարիներուն մնաց Հալէպի մէջ եւ պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ իր դիւանագիտական պարտաւորութիւնը կատարեց, հակառակ ստեղծուած դժուար պայմաններուն, ինչպէս նաեւ սերտ կապեր հաստատեց յատկապէս Հալէպի…

ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ առաջին Մարտիրոս Սարկաւագին՝ Ս. Ստեփանոս Նախավկային տօնին առիթով, Կիրակի, 25 Դեկտեմբեր 2016-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ պատարագ, նախագահութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Ս. Պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի նախկին տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան:             Անցեալէն մեզի հասնող աւանդութեան…