Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՐԱԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴԻՆ

Երկուշաբթի, 23 Յունուար 2017-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Մարոնիթ Պատրիարք Պշարա Րաաիին Փոխանորդ՝ Փօլ Սայյահ Արքեպիսկոպոսը։ Պատրիարքին անունով Փօլ Սայյահ Արք.ը իր բարեմաղթութիւնները ներկայացուց Նորին Սրբութեան Սուրբ Ծննդեան առիթով, նկատի ունենալով, որ Վեհափառ Հայրապետը այս տարի Ս. Ծննդեան տօնը նշած էր Հալէպի մէջ։ Ան ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը Սուրիա, ի մասնաւորի Հալէպ՝ շեշտելով թէ նման այցելութիւններ յոյս ու հաւատք կը ներշնչեն ո՛չ միայն հայ համայնքին, այլ բոլոր քրիստոնեայ համայնքներուն։

          Պատրիարքական փոխանորդը Վեհափառ Հայրապետին հետ խորհրդակցեցաւ յառաջիկայ օրերուն տեղի ունենալիք հոգեւոր պետերու երկու տարբեր հանդիպումներուն մասին։ Այցելութիւնը նաեւ առիթ եղաւ տեսակէտներու փոխանակում կատարելու Լիբանանի այժմու կացութեան շուրջ։ Վեհափառ Հայրապետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ Հանրապետութեան Նախագահի ընտրութեամբ երկրէն ներս ապահովութիւնը աւելի ամրապնդուած է, իսկ տնտեսական կեանքի զարգացման ծիրէն ներս՝ նոր կարելիութիւններ ստեղծուած։