19 December, 2016

«ՎԵՀԱՓԱՌ ՏԷՐ, ԴՈՒՔ ՄԵՐ ՍԻՐԵԼԻ ՀԱՅՐՆ ԷՔ ԵՒ ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ»

 
 
Վերոյիշեալ բառերով իրանահայ երիտասարդութիւնը դիմաւորեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը:
 
Հայոց Հայրապետին Իրան այցելութեան ծիրէն ներս, Շաբաթ, 17 Դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, «Սիփան» միութեան «Նորայր Էլսայեան» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Նորին Սրբութեան եւ շրջանի հայ երիտասարդութեան միջեւ:
 
Երիտասարդութեան անունով բացման խօսքով հանդէս եկաւ Անի Մանուէլեան: Ան իր բացման խօսքին մէջ ընդհանուր գիծերով խօսելէ ետք Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ազգանուէր ու եկեղեցանուէր ծառայութեանց մասին, արտայայտուեցաւ Նորին Սրբութեան գահակալութեան 20 տարիներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արձանագրած յաջողութիւններուն եւ ձեռքբերումներուն մասին:
 
Երիտասարդներուն ուղղած հարցումները պատասխանելէ առաջ, Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ երիտասարդութեան իւրայատուկ դերին եւ կարեւոր տեղին մեր ազգային ու եկեղեցական իրականութենէն ներս: Ան շարունակեց ըսելով. «Ոչ թէ երիտասարդութեան մասին պիտի խօսինք, այլ՝ երիտասարդներուն հետ պիտի խօսինք», հրաւիրելով երիտասարդները սոյն հանդիպումը վերածելու զրոյց-քննարկման:
 
Երիտասարդները, իրենց կարգին, Սուրիոյ տագնապին, քրիստոնէական դաստիարակութեան, Սիսի Կաթողիկոսարանին դատին, կրօնաբարոյական ու ընկերային մարզերու հետ առնչութիւն ունեցող զանազան հարցեր տուին Վեհափառ Հայրապետին:
 
Նորին Սրբութիւնը սոյն հարցումներուն սպառիչ եւ լուսաբանող պատասխաններ տալէ ետք, կարեւորութեամբ խօսեցաւ Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի եւ գործընթացի կարեւորութեան ու զարգացումին մասին, յիշեցնելով, թէ «այս դատը համայն հայութեան դատն է, եւ ո՛չ թէ սոսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան: Երիտասարդները նոր աւիւն պէտք է ներարկեն ու մասնակից դառնան ընդհանրապէս Հայ Դատին եւ մասնաւորաբար Սիսի Կաթողիկոսարանի դատին զարգացումներուն եւ գործընթացին մէջ»: