14 Հունվարի, 2017

ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Շաբաթ, 14 Յունուար 2017-ի առաւօտուն Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Հոգեւոր Տէրը: Հանդիպման ներկայ էին Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան՝ Առաջնորդ Թեհրանի Հայոց Թեմի, Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան՝ Առաջնորդ Բերիոյ Հայոց Թեմի, Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան եւ Հոգեւոր Տիրոջ ընկերացող չորս բարձրաստիճան հոգեւորականներ:

            Հոգեւոր Տէրը յատուկ պատուիրակութեամբ մը եկած էր շնորհաւորելու Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր Սուրիա կատարած օրհնաբեր այցելութեան համար: Այս առիթով Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքը Հալէպի վերականգնումին եւ վերաշինութեան գծով իր եւ իր համայնքին ամբողջական զօրակցութիւնը եւ մասնակցութիւնը խոստացաւ Արամ Ա. Կաթողիոսին:

            Հանդիպման ընթացքին յատուկ զեկոյցով հանդէս եկան Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Հալէպի Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ՝ Գրպծ. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանը, որոնք նախ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Արամ Ա. Կաթողիկոսին, մասնաւորաբար Հալէպ կատարած իր գօտեպնդող այցելութեան համար, եւ խօսեցան Նորին Սրբութեան վերականգնումի կոչէն բղխող գործնական առաջարկներու եւ կատարուելիք աշխատանքներուն մասին:      

            Թէ՛ Վեհափառ Հայրապետը եւ թէ՛ Հոգեւոր Տէրը իրենց լաւատես ու դրական հեռանկարները պարզեցին Հալէպի վերականգնումին ու վերաշինութեան գծով եւ թելադրեցին Հոգեւոր Հայրերուն զանազան բարեսիրական միութիւններու օժանդակութիւնը ապահովեն ընդհանրապէս Սուրիոյ եւ ի մասնաւորի Հալէպի վերաշինութեան համար:

 

More News