ՀԱՄԱՏԵՂ ՅԱՅՏԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ՓԱԿՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԻՐԱՆԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ, ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ 7-ՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ  

Առնուած «Ալիք» Օրաթերթէն

 

Չորեքշաբթի, 14 Դեկտեմբեր 2016-ին իր լրումին հասաւ Թեհրանի մէջ գումարուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն-Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն, Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութեան 7-րդ համագումարը, որուն կը նախագահէր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը:

Համագումարին վերջին օրը քննարկման առարկայ դարձան «կրօնի եւ բռնութեան զանազան եւ հասարակական ազդեցութիւնը», «զիրար ընդունելու եւ ծայրայեղականութեան ու բռնութեան դէմ պայքարին մէջ կրօնաւոր պետերու դերը՝ խաղաղութիւն եւ փոխադարձ յարգանք տարածելու», «յարգելով մարդու իրաւունքները՝ կանխել կրօնի սխալ ընկալումը» եւ սոյն նիւթերու առնչուող կարգ մը թեմաներ:

Երկխօսութեան կարեւորութիւնը եւ երկու համայնքներու համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը շեշտելով հանդէս եկան Թեհրանի Հայոց Թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Մշակոյթի եւ Հաղորդակցութեան կազմակերպութեան նախագահ՝ Դոկտ. Ապուզար Իպրահիմի եւ Կրօնքներու երկխօսութեան Միջազգային Կեդրոնի նախագահ՝ Դոկտ. Մուհամմէտ Մեհտի Թասխիրի, Իրանի Փիլիսոփայութեան միութեան նախագահ՝ Ապտուլհիւսէյն Խոսրոփանահ, Սպահանի եւ Հարաւային Իրանահայութեան պետական ներկայացուցիչներ՝ երեսփոխան Ճորճ Աբրահամեան եւ Դոկտ. Կարէն Խանլարեան, Իսլամական դաւանանքներու Համալսարանի տնօրէն դոկտ. Ահմատ Մոպալեղին, Կրօնքներու եւ Դաւանանքներու համալսարանի տնօրէն դոկտ. Ապուլհասան Նաւաբ եւ Սուրիահայութեան պետական ներկայացուցիչ՝ երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան:

Նորին Սրբութիւնը իր փակման խօսքին մէջ շեշտեց, թէ «սոյն երկխօսութիւնը պերճախօս վկայութիւն մըն է քով քովի գալու, իրար լսելու եւ մեր կեանքը յուզող տագնապներուն ու դժուարութիւններուն համատեղ լուծում առաջարկելու: Բոլոր տեսակի ծայրայեղութիւնները կը վտանգեն մարդկային ընկերութիւնները: Երբ մենք Քրիստոնեայ թէ իսլամ մեր ըմբռնումներուն եւ գործունէութեանց մէջ ըլլանք հաւասարակշռուած, այդ ժամանակ համագոյակցութեան քաղցրագոյն մթնոլորտը կը ստեղծենք մեր կեանքերէն ներս: Կրօնքներու առաջնորդները մեր ընկերութիւններէն ներս համերաշխութեան տարածման հրաւիրուած են լծուելու: Մենք, որպէս հոգեւորականներ, կրօնքներու առաջնորդներ պէտք է մեր կարելին ընենք աղօթքով, խօսքով թէ գործով կասեցնելու համար ներկայ ընկերութիւնը յուզող ամենէն տագնապալի երեւոյթը՝ ահաբեկչութիւնն ու ծայրայեղականութիւնը»:

Համագումարի աւարտին կարդացուեցաւ ժողովէն բղխած 9-ը կէտերէ բաղկացած հռչակագիրը, ուր մասնաւորապէս կը շեշտուէր, թէ ժողովի մասնակիցները «կը դատապարտեն ամէն տեսակի բռնութիւն կամ ահաբեկչական գործողութիւն, որ պատճառ կը դառնայ ժողովուրդի տարագրութեան կամ ցեղասպանութեան»:

Կողմերը սոյն համագումարը շահեկան նկատելով, որոշեցին ապահովել երկխօսութեան շարունակականութիւնը, սահմաններու ընդլայնումով հասնելու համաշխարհային մակարդակի:

Յայտնենք, որ կողմերու յաջորդ հանդիպումը որոշուեցաւ կայացնել 2018 թուականին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ: