ԻՐԱՆԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԵՒ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՏՆՕՐԷՆԸ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ Կ’ՈՒՆԵՆԱՅ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ
Երկուշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Թեհրանի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը տեսակցութիւն ունեցաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Մշակոյթի եւ Հաղորդակցութեան կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն՝ Դոկտ. Իպրահիմիի հետ: Հանդիպման ներկայ գտնուեցան Թեհրանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Ատրպատականի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեան, Սպահանի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերպ.…