Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱԼԷՊԻ ԱՒԵՐԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋԷՆ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ՅՈՅՍԻ ՊԱՏԳԱՄԸ ՅՂԵՑ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

«Հալէպի մէջ պարզուած քանդումի տեսարանը ահաւոր է։ Կարելի չէ՛ այս դառն իրականութիւնը բառերով արտայայտել կամ պատկերացնել։ Կարծէք Համաշխարհային երկրորդ պատերազմին Պեռլինի պարզած տեսարանն է, որ սա օրերուն մեր աչքերուն դիմաց կը պարզուի»։ Այսպէ՛ս յայտարարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոս Հալէպի աւերակներուն վրայէն։

Ընկերակցութեամբ՝ Հալէպի Նահանգապետին, Կուսակցապետին, քաղաքական ու զինուորական պատասխանատուներուն, Առաջնորդ Սրբազանին, իր շքախումբի անդամներուն եւ Հալէպի պատկան մարմնի ներկայացուցիչներուն, Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Հալէպի պատմական բերդը եւ Ումէյէթներու պատմական մզկիթը։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Ազգային Առաջնորդարան, Սց. Քառասնից Մանկանց, Ս. Գէորգ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ՝ Սուրիոյ Օգնութեան Խաչի կեդրոնը, Ազգային Ք. Ե. Ճեմարանը, Պատսպարանը եւ հայկական բոլոր այն կեդրոնները, որոնք քանդումի եւ աւերի իրենց բաժինը ստացած էին անցնող տարիներու ընթացքին։

Մեր եկեղեցիներուն մէջ Վեհափառ Հայրապետը աղօթեց բոլոր սուրիահայ նահատակներու հոգիներուն համար, յատկապէս բոլոր անոնց՝ որոնք իրենց կեանքը զոհած էին հայկական Թաղերու պաշտպանութեան ընթացքին։ Այս առիթով, Նոր Գիւղի մէջ, Նորին Սրբութիւնը ոգեւորող պատգամ մը խօսեցաւ մեր կառոյցներն ու թաղերը պաշտպանող հերոս տղոց, գնահատելով անոնց նուիրական զոհողութիւնն ու առաքելութեան գիտակցութիւնը։

Վեհափառ Հայրապետը իր այցելած վերջին կայքէն՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն հետեւեալը պատգամեց. «Մեր ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ անգամներ մա՛հ է ճաշակած՝ առանց կորսնցնելու կեանքի յոյսը։ Քանի-քանի՜ անգամներ թշնամիին կողմէ արմատախիլ ընելու ծրագիրներ մշակուած են մեր ազգին նկատմամբ, բայց՝ մենք անցեալին ապրեցանք, ներկայիս կ՛ապրինք ու պիտի շարունակենք ապրիլ։ Մեր պապերէն մեզի որպէս նշխար կտակուած քրիստոնէական մեր լոյս հաւատքը կը վստահեցնէ մեզ, որ մենք պիտի վերածաղկինք պիտի վերահզօրանանք ու պիտի վերականգնիք։ Ցեղասպանութիւն տեսած հայերը ընկճուիլ ու տկարանալ չեն գիտեր։ Մենք՝ հայերս համազգային ճիգով, մեր ունեցած հաւատքով, կամքով, միասնականութեամբ եւ ուժով պիտի վերականգնենք հայկական Հալէպը»։