ԻՐԱՆԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԾԱՒ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՄԲ ՏՕՆԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՍՐԲԱԶՆԱԳՈՅՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

 

Ուրբաթ, 16 Դեկտեմբեր 2016-ին, Թեհրանի «Արարատ» մարզաւանի «Սասունցի Դաւիթ» դահլիճին մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 20-ամեակը:

«Արարատ» մարզաւանի մուտքին Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ «Արարատ»ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներուն, պետական եւ հոգեւորական ներկայացուցիչներու, «Կիլիկիեան իշխան»ներու եւ «Կիլիկիան Ասպետ»ներու, եւ ազգային բարերարներու կողմէ: Աւանդական աղուհացի օրհնութենէն ետք, սկիզբ առաւ Նորին Սրբութեան գահակալութեան 20-ամեակի հանդիսութիւնը:

Յոբելենական սոյն ձեռնարկին, Նորին Սրբութեան կողքին ներկայ էին Թեհրանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Ատրպատականի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեան, Սպահանի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սիփան Ծ. Վրդ. Քէչէճեան, Թեհրանի Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան, հոգեւորական հայրեր, Իրանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական կազմը, Իրանի մօտ Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպանը, Սպահանի եւ Հարաւային իրանահայութեան պետական ներկայացուցիչը, իրանահայ երեք Թեմերու Պատգամաւորական Ժողովներու եւ Թեմական Խորհուրդներու ներկայացուցիչները, տարբեր յարանուանութիւններու հոգեւոր եւ աշխարհիկ ներկայացուցիչները եւ բազմահազար հայորդիներ:

Արամ Ա. Կաթողիկոսին գահակալութեան 20-ամեակի տօնակատարութիւնը սկիզբ առաւ «Տէրունական Աղօթք»ի եւ «Կիլիկիա» օրհներգի երգեցողութեամբ, կատարողութեամբ՝ «Անահիտ» միութեան «Զուարթնոց» երգչախումբի անդամներուն եւ ղեկավարութեամբ Էտիկ Թամրազեանի:

Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց Ատրպատականի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք Նորին Սրբութեան, իր Իրան Կատարած Հովուապետական այցելութեան համար, ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 20 տարիներու ծառայութեան ժամանակաշրջանը, խօսելով Նորին Սրբութեան միջ-եկեղեցական, Հայ Դատի, եկեղեցաշինութեան եւ այլ մարզերէ ներս իր ունեցած ներդումին մասին: Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ յիշեց, թէ «Վեհափառ Հայրապետի ապրած իւրաքանչիւր օրը, անցած աւելի քան 20 տարիներուն, Կաթողիկոսական ծանր լուծի տակ, «պատերազմ» եղաւ՝ պայքարի իմաստով: Պայքար՝ բո­լոր ճակատն­ե­րու վրայ՝ ներքին եւ արտաքին»:

Իրենց կարգին խօսք առին նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Վարդան Վարդանեանը եւ Սպահանի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սիփան Ծ. Վրդ. Քէչէճեանը:

Թեհրանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան ներկայացուց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի կենսագրականն ու ազգանուէր եւ եկեղեցանուէր բազմամեայ ծառայութիւնները, իր խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետի հեղինակութեան համար ըսելով. թէ «Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գահակալութեան 20 տարիները ծառայութեամբ արժեւորեց: Վեհափառ Հայրապետը մեր ժողովուրդին համար դարձաւ այն հոգեւոր ղեկավարը, որ մեր ազգի բոլոր զաւակները, ի Հայաստան եւ Սփիւռս աշխարհի զինք ընդունեցին որպէս Մեծ Ղեկավար, Մեծ Մարդ եւ Մեծ Հայրապետ»:

Վեհափառ Հայրապետին Գահակալութեան 20-ամեակի տօնակատարութեան գեղարուեստական բաժնով մեներգներով ելոյթ ունեցան «Կոմիտաս» երիտասարդական երգչախումբի անդամներէն Վանա Շիրվանեան, Տիանա Մինասեանն ու Հարմա Կարապետեանը, ղեկավարութեամբ՝ Արմէն Ամիրխանեանի: Ասմունքով եթոյթ ունեցաւ Նայիրի Դիլանեանը: Պարերով ելոյց ունեցան «Զարթօնք» եւ «Արարատ» պարախումբի սաները: Ցուցադրուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Լսատեսողական բաժանմունքի կողմէ պատրաստուած Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի անձին ու եկեղեցական-ազգային ծառայութեանց նուիրուած տեսերիզը:

Տօնակատարութեան աւարտին խօսք առաւ Նորին Սրբութիւնը, որ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք կազմակերպուած նախաձեռնութեան համար, կարեւորեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ազգանուէր ու եկեղեցանուէր աշխատանքները, ըսելով. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար Ազգին ու Եկեղեցիին ծառայելը մի՛շտ եղած է գերագոյն արժէք, սրբազնագոյն նպատակ եւ նուիրական մարտահրաւէր»: Խօսելով Կիլիկիոյ Աթոռին բազմերես ծառայութիւններուն մասին, Վեհափառը յիշեցուց, թէ «Անթիլիասի մէջ, մենք, Ազգը, Եկեղեցին ու հայրենիքը իր անձէն վեր ու վեհ նկատող մարդ կը պատրաստենք: Մեր Ազգը, Եկեղեցին եւ Հայրենիքը այս որակի մարդոցմով անցեալին իր պատմութիւնն է կերտած իսկ այժմ՝ իր ապագայի գոյութիւնն է որ կ’երաշխաւորէ»:

Յայտնենք, որ յոբելենական սոյն հանդիսութիւնը Հայրապետին պահպանիչով իր պսակումը ունեցաւ: