25 January, 2017

ՄԵԾ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

 

            Տարիներու աւանդութեան համաձայն, բոլոր եկեղեցիները Յունուար ամսուան երրորդ շաբաթը նուիրած են եկեղեցիներու միութեան աղօթքի։ Այս տարի եւս, յատուկ արարողութիւններ եւ քարոզախօսութիւններ տեղի ունեցան, շեշտելու համար եկեղեցիներու միութեան հրամայականը:

            Առ այդ, Հինգշաբթի, 19 Յունուար 2017-ին Լիբանանի մէջ եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբթուան բացումը կատարուեցաւ Պէյրութի Մարոնիթներու «Սայիտէդ Ալ Ուահտէ» վանքին մէջ։ Միջ-եկեղեցական արարողութեանց ներկայ էին հոգեւոր պետեր, առաջնորդներ եւ հոգեւորականներ, ինչպէս նաեւ անոնց կողքին հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։ Սոյն արարողութեան, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանն ու Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի փոխ վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Թաթուլ Աբղ. Գարտանաքեանը:

 

More News