ԻՐԱՆԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԵՒ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՏՆՕՐԷՆԸ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ Կ’ՈՒՆԵՆԱՅ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

 
 
Երկուշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Թեհրանի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը տեսակցութիւն ունեցաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Մշակոյթի եւ Հաղորդակցութեան կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն՝ Դոկտ. Իպրահիմիի հետ:
 
Հանդիպման ներկայ գտնուեցան Թեհրանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Ատրպատականի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեան, Սպահանի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սիփան Ծ. Վրդ. Քէչէճեանի, Թեհրանի Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան եւ պետական ու հոգեւոր ներկայացուցիչներ:
 
Հանդիպման քննարկման նիւթ դարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան, Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութեան 7-րդ համագումարը: Քննարկման աւարտին ժողովականները միաձայնութեամբ յայտարարեցին «Բռնութեան եւ ահաբեկչութեան գծով իսլամութիւնը եւ քրիստոնէութիւնը հասարակաց նոյն կեցուածքը ունի» միասնական տեսակէտը:
 
Արդարեւ, ժողովականներ կարեւորութեամբ շեշտեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան, Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութեան շարունակականութիւնը ապահովելու հրամայականը եւ անոր համաշխարհային մակարդակի վրայ տարածումը: