«ԻՄԱՄ ԽՈՄԷՅՆԻԻ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՁԳՏԷՐ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Առնուած «Ալիք» Օրաթերթէն

 

Հինգշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Թեհրանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի, Ատրպատականի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանի եւ Սպահանի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սիփան Ծ. Վրդ. Քէչէճեանի ու իր շքախումբի անդամներուն այցելեց Իսլամական Յեղափոխութեան հիմնադիր առաջնորդ Իմամ Խոմէյնիի դամբարանը:

Նորին Սրբութիւնը այս առոթով խօսք առնելով ըսաւ. «Իմամ Խոմէյնիի յեղափոխութիւնը կը ձգտէր բարոյական արժէքներու վերահաստատման ընկերութեան կեանքէն ներս: Սա սովորական դամբարան մը չէ, այլ յիշեցում մըն է բարոյական ու հոգեւոր արժէքներու կենսական կարեւորութեան, անհատական եւ հաւաքական կեանքերէն ներս»: