Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

ԲԵԹՂԵՀԷՄԻ ՃԱՄԲՈՎ՝ ԴԱՌՆԱՆՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ
Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդը Բեթղեհէմի մէջ Աստուծոյ էջքն է երկիր՝ ի խնդիր մարդուն երկինք բարձրացման, Աստուծոյ մօտեցումը մարդուն՝ ի խնդիր մարդուն դէպի Աստուած մերձեցման, Աստուծոյ ինքնաճանաչումը մարդուն՝ ի խնդիր մարդուն զԱստուած ճանաչման։
Բեթղեհէմը երկնային հրաւէր է դառնալու Աստուծոյ։ Ի՞նչ կը նշանակէ դառնալ Աստուծոյ։

— Դառնալ Աստուծոյ կը նշանակէ ճանչնալ զԱստուած։ Քրիստոնէական հաւատքի ամենէն իւրայատուկ երեւոյթներէն մէկը զԱստուած ճանչնալն է։ Աստուած ճանաչողութիւնը մարդու բանական ճիգին արդիւնքը չէ. մարդը չէ որ զԱստուած կը ճանչնայ, այլ Աստուած ինքն է որ պատմութեան ընթացքին ինքզինք ճանաչելի դարձուց մարդուն՝ յայտնութեան ճամբով։ Աստուծոյ յայտնութիւնը Աստուծոյ անձին ու գործին յայտնութիւնն է, այլ խօսքով՝ ինքնայայտնութիւն։ Յայտնողը եւ յայտնուողը Աստուած է։ Մարդուն համար կարելի է Աստուած ճանչնալ յայտնութեան սահմաններէն ներս, այնքանով որ Աստուած ինքզինք յայտնած է։ Արդ, Աստուած ճանչնալու համար հարկ է դառնալ Աստուծոյ յայտնութեան աղբիւրը հանդիսացող Աստուածաշունչին, Աստուծոյ յայտնութեան շօշափելի արտայայտութիւնը եղող Բեթղեհէմին։

— Դառնալ Աստուծոյ կը նշանակէ հաղորդակցիլ Աստուծոյ հետ։ Աստուած իր ձեռագործին՝ ստեղծագործութեան ճամբով կենդանի հաղորդակցութեան մէջ մտաւ մարդուն հետ։ Իսկ իր Միածին Որդւոյն ճամբով Աստուած մարդացաւ, մեզի հետ եղաւ ու մեզի պէս եղաւ։ Աստուծոյ մարդեղացումը երկնային հրաւէր մըն էր իր Արարիչէն հեռացած ու անառակացած մարդուն՝ դառնալու իր Երկնաւոր Հօր եւ վերահաստատելու հայր ու որդի յարաբերութիւնը։ Աստուած հայր է, սիրող, ներող ու հոգատար հայր։ Այս գիտակցութեամբ մարդ պէտք է մօտենայ Աստուծոյ։ Աստուած-մարդ յարաբերութիւնը քրիստոնէական հաւատքին ամենէն էական յատկանիշներէն մէկն է։

— Դառնալ Աստուծոյ կը նշանակէ Աստուծոյ ներկայութիւնը ապրիլ։ Աստուածաշունչը կը վկայէ թէ՝ Աստուած աշխարհէն ու մարդէն հեռու, անըմբռնելի ու անճանաչելի գոյութիւն մը չէ։ Իր յայտնութեան ճամբով Աստուած ներկայութիւն դարձաւ իր ստեղծագործութեան մէջ։ Հակառակ մարդուն մեղքին, Քրիստոսի մարդեղութեամբ Աստուած վերստեղծեց ու վերանորոգեց մարդն ու ողջ տիեզերքը։ Աստուած միշտ ներկայ է իր ստեղծագործութեան մէջ, կենսատու ու պայծառակերպող ներկայութիւն է Քրիստոսի խորհրդական մարմնոյն՝ եկեղեցւոյ մէջ։

— Դառնալ Բեթղեհէմին ճամբով Աստուծոյ, կը նշանակէ Աստուծոյ Միածին Որդին ընդունիլ որպէս միակ Փրկիչը աշխարհին։ Հրեշտակներ Յիսուսին ծնունդը աւետեցին որպէս ծնունդը աշխարհի փրկչին։ Աստուծոյ Որդին կը մարդանար՝ իր աստուածաստեղծ բնութիւնը ապականած մարդը վերամարդացնելու, Աստուծոյ պատկերը եղծած մարդուն մէջ վերահաստատելու աստուածային պատկերը, անառակացած մարդը վերստին դարձնելու Աստուծոյ որդեգիր զաւակը, մեղքի տիրապետութեան տակ ճնշուած մարդը ազատագրելու։ Քրիստոս իր կեանքով ու առաքելութեամբ ցոյց տուաւ Աստուծոյ դառնալու ճշմարիտ կերպը ու վաւերական ճամբան։

Ժողովուրդ հայոց,

Ներկայ աշխարհը իր լուսագեղ երեւոյթներով մեզ կը հեռացնէ ճշմարիտ լոյսի աղբիւրէն՝ Բեթղեհէմէն։

Ներկայ աշխարհը իր գրաւիչ գիւտերով մեզ կը հեռացնէ Աստուածայայտնութեան սրբավայրէն՝ Բեթղեհէմէն։

Ներկայ աշխարհը իր մարդակեդրոն արժէքներով մեզ կը հեռացնէ աստուածակեդրոն արժէքներու գանձարանէն՝ Բեթղեհէմէն։

Ներկայ աշխարհը իր տեսանելի թէ անտեսանելի չարերով ու չարիքներով մեզ կը հեռացնէ բարութիւն ճառագայթող Բեթղեհէմէն։

Ներկայ աշխարհը ատելութիւն ու թշնամութիւն սերմանող մարդերով ու կառոյցներով մեզ կը հեռացնէ աստուածային անհուն սիրոյ մարմնացումը դարձած Բեթղեհէմէն։

Ներկայ աշխարհը իր փառքի ու շահի վաշխառուներով մեզ կը հեռացնէ խոնարհութեան ու ծառայութեան ցուցանիշը հանդիսացող Բեթղեհէմէն։

Ներկայ աշխարհը իր նոր “փրկիչ”ներով մեզ կը հեռացնէ աշխահի ճշմարիտ Փրկիչէն՝ Բեթղեհէմի մէջ ծնած Յիսուս Քրիստոսէն։

Արդ, զգո՜յշ… առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդ։

Դարե՜ր շարունակ, Բեթղեհէմի խորհուրդով քու կեանքդ շաղախած, Բեթղեհէմի պատգամը քու կեանքիդ իմաստը, ճանապարհն ու նպատակը դարձուցած ժողովուրդ հայոց, ներկայ փոթորկալից աշխարհին մէջ դարձի՛ր Բեթղեհէմին, հայեացքդ ուղղէ միայն Բեթղեհէմին եւ անկէ ճառագայթող լոյսով լուսաւորէ, հաւատքով թրծէ ու յոյսով շաղախէ կեանքդ ու գործդ։

Բեթղեհէմն է մեր փրկութեան ճշմարիտ ճամբան, որովհետեւ “մենք Քրիստոսով ճանչցանք Աստուծոյ իմաստութիւնը… եւ գտանք մեր փրկութիւնը” (Ա. Կր 1. 30)։

Բեթղեհէմն է աստուածային յաւերժական սիրոյ աղբիւրը։ Հետեւաբար, “ո՛չ ոք կրնայ մեզ բաժնել Քրիստոսի սէրէն, որ յայտնուեցաւ Քրիստոսի ճամբով” (Հռ 8. 39)։

Բեթղեհէմն է Աստուծոյ մօտենալու ու Աստուծոյ հետ հաշտուելու միակ միջոցը, որովհետեւ՝ “Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ հաշտուած ենք Աստուծոյ հետ” (Հռ 5. 1) ու դարձած իր որդեգիր զաւակը։

Բեթղեհէմն է Աստուած ճանչնալու միակ ու ճշմարիտ ճամբան, որովհետեւ Բեթղեհէմի ճամբով Աստուած մօտեցաւ մարդուն։ Արդ, “հիմա որ զԱստուած ճանչցանք եւ մանաւանդ Աստուած ալ մեզ ճանչցաւ” (Գղ 4. 9), դառնանք Աստուծոյ ու ապրինք Աստուծոյ փրկարար ներկայութիւնը։

Ահա խորհուրդը Բեթղեհէմին։ Ահա յաւերժահունչ պատգամը Բեթղեհէմին։ Արդ, Բեթղեհէմի ճամբով դառնանք Աստուծոյ։

*
* *
Աստուածայայտնութեան խորհուրդով համակուած, Հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Տիար Սերժ Սարգսեանը, մաղթելով իրեն արեւշատ օրեր ու արդիւնաշատ գործունէութիւն։ Եղբայրական ջերմ սիրով կ’ողջունենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, հայցելով Ամենաբարին Աստուծմէ, որ իրեն շնորհէ երկար գահակալութիւն՝ եկեղեցանուէր գործերով հարուստ։ Նո՛յն սիրով կ’ողջունենք Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք՝ Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանը եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք՝ Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանը, մաղթելով իրենց քաջառողջութիւն եւ աստուածահաճոյ գործերով լեցուն գահակալութիւն։ Հայրական սիրով եւ օրհնութեամբ կ’ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանին վայելող թեմերուն Թեմակալ Առաջնորդները, հոգեւորական դասը, ազգային իշխանութեանց մարմինները եւ մեր հաւատացել ժողովուրդի զաւակները, հայցելով Աստուծմէ, որ Բեթղեհէմի ճառագայթող լոյսով ու յոյսով ծիածանէ իրենց կեանքը ու գործը։

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

6 Յունուար, 2017
Անթիլիաս, Լիբանան