21 December, 2016

«ԻՆԾԻ ՀԱՄԱՐ «ԱԼԻՔ»-Ը ՄԻԱՅՆ ՕՐԱԹԵՐԹ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՂ ՏՈՒՆ ՉԷ, ԱՅԼ՝ ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ԳՈՎԵԼԻ ՕՃԱԽ» Արամ Ա. Կաթողիկոս

 

Երկուշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2016-ի յետմիջօրէին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց «Ալիք» օրաթերթի կեդրոնը եւ «Հրայր Մարուխեան» դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցաւ «Ալիք»ի տնօրէնութեան ու խմբագրական կազմին եւ աշխատակիցներուն հետ:

Այս առիթով, սրտի խօսքով հանդէս եկան «Ալիք» օրաթերթի ներկայացուցիչ՝ Հենրիկ Խալոյեան, գլխաւոր խմբագիր՝ Դերենիկ Մելիքեան, Սպահանի եւ Հարաւային իրանահայութեան պետական ներկայացուցիչ՝ երեսփոխան Կարէն Խանլարեան, Հայկական Հարցերու Ուսումնասիրութեան Կազմակերպութեան նախագահ՝ Արամ Շահնազարեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Վարդան Վարդանեան եւ Թեհրանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան: Անոնք իրենց ուրախութիւնը եւ որդիական շնորհաւորանքը յայտնեցին Նորին Սրբութեան, յատկապէս վերջին 20 տարիներուն՝ իր հայրապետութեան օրերուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, հայապահպանման, Հայ Դատին, հայրենաշինութեան եւ համազգային շարք մը կալուածներէ ներս ունեցած անզուգական ներդրումին համար: Եւ, բազում տարիներու գահակալութիւն մաղթեցին Արամ Ա. Կաթողիկոսին, ըսելով. «Վեհափառ Տէր, շնորհակալ ենք մեր ժողովուրդին առջեւ ձեր բացած լոյս ճանապարհներուն համար, շնորհակալ ենք ձեր իմաստուն առաջնորդութեանը համար, աղօթող ենք՝ ձեր բազում տարիներու գահակալութեան համար»:

Հուսկ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը գնահատելով «Ալիք» օրաթերթի ծաւալած աշխատանքները ըսաւ. «Ինծի համար «Ալիք»-ը միայն օրաթերթ հրատարակող տուն չէ, այլ՝ հայապահպանման գովելի օճախ: «Ալիք»ը իր ճիւղաւորումներով, տեսանելի թէ անտեսանելի իր ծառայութիւններով կարեւոր դեր ունեցած է Սփիւռքի եւ մասնաւորաբար Իրանի հայութեան կեանքին մէջ: «Ալիք»ը՝ միշտ ալ թարգմանը եղած է մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին եւ իմ յանձնառութիւնս է, որ ան նոյն ոգիով շարունակէ իր ազգօգուտ առաքելութիւնը»:

Հանդիպման աւարտին, «Ալիք» օրաթերթի տնօրէնութիւնը յուշանուէրով մը պատուեցին Վեհափառ Հայրապետը: