Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԻՐԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ

 

Թեհրան կատարած կարճատեւ այցելութեան ընթացքին, Երեքշաբթի, 20 Դեկտեմբերի յետմիջօրէին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Իրանի մօտ Հայաստանի եւ Լիբանանի դեսպանատուները, ուր տեսակցութիւն ունեցաւ նշեալ երկիրներու դեսպաններուն հետ:

 

            Նորին Սրբութիւնը առաջին հերթին հանդիպում ունեցաւ Իրանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ Արտաշէս Թումանեանի հետ: Դեսպանը իր ողջոյնի խօսքին ընդմէջէն բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին եւ զայն տեղեկացուց դեսպանատան ծաւալած զանազան աշխատանքներուն մասին:

 

            Հանդիպման ընթացքին մասնաւորաբար արծարծուեցան Հայաստան-Սփիւռք ու Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններն ու համագործակցութեան ներկայ կարգավիճակները: Վեհափառ Հայրապետը շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք դեսպանին իր կատարած ջերմ ընդունելութեան համար, գնահատեց դեսպանատան ու անոր աշխատակազմին գործունէութիւնը:

 

            Ապա, Նորին Սրբութիւնը տեսակցութիւն ունեցաւ Իրանի մօտ Լիբանանի Դեսպան՝ Ֆէտի Հաժի հետ: Հանդիպման ներկայ գտնուեցան նաեւ Իրանի մօտ Ռուսիոյ, Պաղեստինի, Յունաստանի եւ Եգիպտոսի դեսպանները: Քննարկման առաջին նիւթը դարձաւ քաղաքական եւ մշակութային մակարդակներու վրայ դեսպանատուններուն տարած աշխատանքները: Ներկաները խօսեցան Սուրիոյ եւ շրջակայ շրջաններու իրավիճակներուն մասին, անգամ մը եւս հաստատելով իսլամ-քրիստոնեայ յարաբերութեան ու գործակցութեան կարեւորութիւնը, մանաւանդ Միջին Արեւելքի շրջաններէն ներս:

            Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը Իրանի մօտ Լիբանանի դեսպանին պատրաստած սիրոյ սեղանին պատուոյ հիւրը դարձաւ, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ միւս դեսպաններն ու բարձրաստիճան պետական ներկայացուցիչներ: