Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԿԸ ԴԻՄԱՒՈՐՈՒԻ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԿՈՂՄԷ

Առնուած «Ալիք» Օրաթերթէն

Երեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2016-ի յետմիջօրէին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր շքախումբին անդամներուն հետ ուղղուեցաւ Թեհրանի Ս. Սարգիս Մայր եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ «Կանոնական» աղօթք:

Նորին Սրբութեան դիմաւորելու եկած էին զանազան պատկան մարմիններու, յանձնախումբերու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, դպրոցական աշակերտ-աշակերտուհիներ, սկաուտներ եւ բազմաթիւ հաւատացեալներ: Աշակերտներու կողմէ մատուցուած աւանդական աղուհացի օրհնութենէն ետք Վեհափառ Հայրապետը «Հրաշափառ»ով մուտք գործեց Մայր Եկեղեցի, ուր հանդիսապետեց կանոնական աղօթքին:

Աղօթքի արարողութենէն ետք Թեմին անունով խօսք առաւ Թեհրանի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանը, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք խօսեցաւ Վեհափառ Հայրապետին աւելի քան 20 տարիներու վրայ երկարող ծառայութեան մասին, բնորոշելով 20 տարուայ Կաթողիկոսութեան շրջանը որպէս «անսակարկ ծառայութեան» ժամանակամիջոց:

Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը ուղղելով ներկայ հաւատացեալներուն խօսեցաւ Իրանի զարգացման մէջ իրանահայութեան ունեցած ներդրումին մասին, ըսելով, թէ երկու ազգերու միջեւ գոյութիւն ունեցող «կրօնքներու, մշակոյթներու եւ ժողովուրդներու ներդաշնակ գոյակցութիւնը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան սահմաններէն ներս, պէտք է օրինակ դառնայ նաեւ այլոց»: Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը աւարտեց գնահատելով Թեհրանի Հայոց Թեմի աշխատանքներն ու հայապահպանման գործին մէջ ունեցած անոնց ներդրումը:

«Կանոնական» Աղօթքէն անմիջապէս ետք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը բարձրացաւ Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճ, ուր ընդունեց հաւատացեալ ժողովուրդին աջահամբոյրը: