27 December, 2016

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԻՒՊԱՏՈՍ՝ ՏԻԳՐԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆԸ

Երկուշաբթի առաւօտ, 26 Դեկտեմբեր 2016-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հալէպի մէջ Հայաստանի Հիւպատոս՝ Տիգրան Գէորգեանը։ Առաջին հերթին, Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Պրն. Հիւպատոսին, որ Սուրիական տագնապի տարիներուն մնաց Հալէպի մէջ եւ պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ իր դիւանագիտական պարտաւորութիւնը կատարեց, հակառակ ստեղծուած դժուար պայմաններուն, ինչպէս նաեւ սերտ կապեր հաստատեց յատկապէս Հալէպի մեր համայնքի հոգեւոր ու ազգային պատասխանատուներուն հետ։

            Հիւպատոսը լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց Նորին Սրբութեան, մասնաւորաբար Հալէպի պարզած ներկայ կացութեան մասին՝ իր բոլոր երեսներով։

            Ողջունելով Հալէպ քաղաքէն ներս վերահաստատուած անդորրութիւնը, Հայոց Հայրապետը յայտնեց, որ ինք մնայուն կապի մէջ է Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ եւ մօտէն կը հետեւի ընդհանրապէս Սոուրիայէն ու յատկապէս Հալէպէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներուն։ Այս առիթով ան նաեւ իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ թէ՛ Սփիւռքի գաղութներուն ցուցաբերած օժանդակութեանց եւ զօրակցութեան համար։

 

More News