5 January, 2017

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱԶԳԱՅՆԱՇՈՒՆՉ ՊԱՏԳԱՄՈՎ ԴԱՐՁԵԱԼ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅԱԲՈՅՐ ՀԱԼԷՊԸ

Հինգշաբթի, 5 Յունուար 2017-ին, Աստուածայայտնութեան Ճրագալոյցին, տագնապահար՝ սակայն տոկուն մնացած Հալէպի Հայ ժողովուրդը պատմական օր մը ապրեցաւ իր Հոգեւոր Հօր՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հալէպ ժամանումով։ Սիրոյ եւ ուրախութեան արցունք կար Հալէպի մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն աչքերուն մէջ, իսկ անոնց դէմքերուն վրայ՝ հաւատքի ամրութեան ու ապագայի վառ տեսիլքի ճառագայթ։

Վեհափառ Հայրապետը, «Կիլիկիա» քայլերգին նուագակցութեամբ մուտք գործեց Հալէպ, իր կողքին ունենալով Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը եւ շքախումբի հոգեւոր ու ազգային անդամները։ Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ Թեմի քահանայից եւ դպրաց դասերու, միութիւններու ներկայացուցիչներու, համալսարանական թէ դպրոցական աշակերտներու, տարեցներու եւ մանուկներու խանդավառ ներկայութեամբ։

Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ Առաջնորդ Սրբազանը յանուն սուրիահայութեան խօսք առնելով ըսաւ. «Հազար բարով Հալէպ ժամանեցիք Վեհափառ Տէր։ Ձեր գալուստով նոր յոյս եւ շունչ բերիք ձեզի հետ։ Հինգ տարիներու տագնապէն ետք ահաւասիկ խաղաղ է Հալէպը։ Մենք հոս ենք եւ հոս պիտի մնանք»։

Իր կարգին Նորին Սրբութիւնը Հալէպի ազատագրման առիթով նախ փառաբանական աղօթք բարձրացուց առ բարձրեալն Աստուած, ապա հայրական սիրով ու հայրապետական օրհնութեամբ ողջունեց հալէպահայութիւնը։ Իր պատգամին ճամբով Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Մեզի համար հոգեւոր ուրախութեան յատուկ առիթ է, որպէս Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Քրիստոսի Ծննդեան բարեբեր տօնին առիթով գտնուիլ պատամական Բերիոյ Հայոց Թեմի մեր սիրելի ժողովուրդին՝ Աթոռոյս զաւակներուն հետ։ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի նստավայրէն եկած ենք Հալէպ, մեզի հետ բերելով բիւր օրհնութիւններ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի օրհնաբաշխ Աջէն եւ բազում աղօթքներ՝ Անթիլիասի մեր Մայրավանքէն»։ Խօսելով Հալէպի մասին Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. «Սուրիան եւ մանաւանդ Հալէպը առանցքը հանդիսացան մեր աղօթքներուն, պատգամներուն եւ կեանքին անցնող շուրջ հինգ տարիներուն։ Իր պատմական ու հարուստ անցեալով Հալէպը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս բոլոր մակարդակներու վրայ ունեցած է անզուգական ներդրում։ Եկեղեցւոյ նկատմամբ իր ունեցած հաւատքը եւ ազգին նկատմամբ եղած հաւատարմութիւնը կը վստահեցնեն մեզ, որ Հալէպը պիտի վերածաղկի, Հալէպը պիտի վերահալէպանայ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ինչպէս անցնող տարիներուն, նոյնպէս ալ յառաջիկային, նոյն ոգիով, իր ամբողջական ներդրումը պիտի բերէ Հալէպի վերածաղկման գործին»։

Ազգիս Հայրապետին հովուապետական այցելութիւնը Հալէպ, անօրինակ ուրախութեան եւ սփոփարար մխիթարութեան մթնոլորտ ստեղծեց Սուրիոյ հայութեան կեանքէն ներս։ Արամ Ա. Կաթողիկոսին խրախուսիչ պատգամները բալասանի պէս սպիացուցին Հալէպի հայութեան վիրաւոր սիրտերը, յուսադրելով՝ շէն ու կենսունակ երբեմնի հայկական Հալէպին առջեւ լուսաւոր հորիզոններու բացումը։

More News