ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆ Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Կիրակի, 18 Դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, նախաձեռնութեամբ Թեհրանի Հայոց Թեմի Ազգային Իշխանութեան ու Վեհափառ Հայրապետի ընդունելութեան յանձնախումբի, «Արարատ» մարզաւանի «Վաչիկ Ղարաբէգեան» դահլիճին մէջ սիրոյ սեղան պատրաստուեցաւ ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:

Սիրոյ սեղանին վեհափառին սեղանակից դարձան Թեհրանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Ատրպատականի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեան, Թեհրանի Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան, Սպահանի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սիփան Ծ. Վրդ. Քէչէճեան, Սպահանի եւ Հարաւային Իրանահայութեան պետական եւ Իրանի Մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանի ներկայացուցիչները, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը, հոգեւորականներ, ազգայիններ եւ բարերարներ:

Սիրոյ սեղանի բացման խօսքը կատարեց Թեհրանի Թեմի Պատգամաւորական ժողովի ատենապետ Ժոզէֆ Մեհրապեան: Ապա հերթաբար խօսք առին Սուրիահայութեան պետական ներկայացուցիչ՝ երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան, Սպահանի եւ Հարաւային Իրանահայութեան պետական ներկայացուցիչ՝ երեսփոխան Ճորճ Աբրահամեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Վարդան Վարդանեան, Ատրպատականի Թեմի Թեմական Խորհուրդի անդամ Արմինէ Վահրամեան, Թեհրանի Թեմի Թեմական Խորհուրդի ատենապետ Ռուպիկ Կարապետեան, որոնք իրենց խօսքին մէջ ողջունելով Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 20-ամեակը, կարեւորութեամբ անդրադարձան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ազգանուէր եւ հայանպաստ գործունէութեան:

Խօսք առաւ նաեւ Թեհրանի Թեմի Առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանը, որ իր խօսքի աւարտին Թեհրանի Թեմին կողմէ յուշանուէր յանձնեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:

Սիրոյ սեղանի փակումը կատարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, որ իր խօսքին մէջ յիշեց, թէ «նոյնիսկ եթէ վարչական հասկացողութեամբ տարբեր երեք թեմերու կը բաժնուի Իրանահայ գաղութը, մեզի համար գոյութիւն ունի մէ՛կ իրանահայութիւն՝ որպէս մէ՛կ ամբողջութիւն: Իրանահայ երեք գաղութներն ալ իրենց ամբողջութեան մէջ մէ՛կ են, որովհետեւ նոյն հասարակաց հարցերը, մտահոգութիւնները, մարտահրաւէրները կ’ապրին եւ բնականաբար աշխատանքներն ու ծրագիրները անհրաժեշտ են որ միասնաբար դիտուին, քննարկուին, արժեւորուին՝ յարգելով իւրաքանչիւր թեմի ներքին դրուածքը»: Աւարտին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ծառայութեան նուիրումին մասին խօսելով, Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, թէ «Անթիլիասի համար անձը իր մէջ արժէք չէ, այլ արժէք կը դառնայ, երբ իր հոգիէն, սրտէն, մտքէն կայծ մը, հմայք մը, տեսիլք մը, ոգի մը կու տայ ի խնդիր հաւաքականի, եւ այդ հաւաքականը մեր Հայրենիքն է, մեր Ազգն է, մեր Եկեղեցին է: Մեր անձերէն վեր ու վեհ հաւաքականը մենք ունինք, որպէս մեր ծառայութեան առաքելութեան դաշտը»:

Աւարտին ներկաներ դարձեալ շնորհաւորեցին Նորին Սրբութեան գահակալութեան 20-ամեակը եւ սիրոյ սեղանը վերջ գտաւ Վեհափառ Հայրապետին պահպանիչով: