Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԻՐԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ
Թեհրան կատարած կարճատեւ այցելութեան ընթացքին, Երեքշաբթի, 20 Դեկտեմբերի յետմիջօրէին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Իրանի մօտ Հայաստանի եւ Լիբանանի դեսպանատուները, ուր տեսակցութիւն ունեցաւ նշեալ երկիրներու դեսպաններուն հետ: Նորին Սրբութիւնը առաջին հերթին հանդիպում ունեցաւ Իրանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ Արտաշէս Թումանեանի հետ: Դեսպանը իր ողջոյնի խօսքին ընդմէջէն բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին եւ…