Հինգշաբթի, 29 Դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պըն Ապտալլահ Ալ Պուխարիին: Դեսպանին կ’ընկերանային դեսպանատան քաղաքական ու մշակութային հարցերու պատասխանատուները:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան առնչուած հարցեր: Խօսակցութեան ընթացքին յատուկ ուշադրութեան արժանացաւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը: Թէ Վեհափառ Հայրապետը եւ թէ դեսպանը կարեւորութեամբ շեշտեցին միաստուածեան երկու կրօններու միջեւ երկխօսութիւնը ու գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու հրամայականը: