23 December, 2016

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ Կ’ԱՅՑԵԼԷ ԹԵՀՐԱՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԸ

Երեքշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2016-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ այցելեց «Թունեան» եւ «Արարատ» դպրոցներն ու «Սասուն» մանկապարտէզը: Նորին Սրբութեան ընկերացան Թեհրանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Ատրպատականի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեան եւ Սպահանի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սիփան Ծ. Վրդ. Քէչէճեան, Թեհրանի Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան եւ Թեհրանի Թեմի կրթական Խորհուրդի ատենապետ՝ Սեւան Դանիէլեան:

 

            Դպրոցները Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորեցին աւանդական աղուհացով, Տէրունական աղօթքով, երգով ու ասմունքով: Դպրոցներու տնօրէնները՝ իրենց կարգին ողջոյնի խօսք արտասանելէ ետք, Վեհափառ Հայրապետը տեղեկացուցին դպրոցի իրավիճակին ու ունեցած մարտահրաւէրներուն մասին:
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մտերմիկ պահեր ունեցաւ դպրոցական աշակերտներուն հետ, եւ զանոնք յորդորեց միշտ կառչած մնալու հայ լեզուին եւ ազգային ու եկեղեցական արժէքներուն:

 

            Վեհափառ Հայրապետը, Թեհրանի հայկական դպրոցները այցելելու ծիրին մէջ, յատուկ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ դպրոցներու տնօրէնութեանց եւ անոնց ծնողական խորհուրդներուն հետ, խրախուսելով զանոնք առաւել եւս նուիրուելու սրբազան այդ ծառայութեան:

 

More News