ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՒԵՏԻՍԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԷՆ

Նոր տարուան առաջին վայրկեաններուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի զանգերը պիտի աւետեն 2017 նոր տարուան բարեբեր գալուստը։ Ապա Մայր Տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ փառաբանական յատուկ արարողութիւն։   Կիրակի, 1 Յունուար 2017-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Սուրբ եւ Անմահ պատարագ առ ի խաղաղութիւն համայն աշխարհի։…