ՄեԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՄՓՈՓ ՊԱՏԿԵՐԸ

18-20 Յունուար, 2017, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս գումարուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներու լիակատար նիստերը, մասնակցութեամբ զանազան թեմերէն յիշեալ մարմիններուն անդամ հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու։ Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները ունեցան առանձին նիստեր եւ ընդհանրական բնոյթ ունեցող օրակարգային հարցերու գծով անոնք ունեցան նաեւ խառն հանդիպումներ։ Նիստերու ընթացքին զանազան նիւթերու շուրջ տրուեցան զեկոյցներ, տեղի ունեցան քննարկումներ եւ ապա իւրաքանչիւր հարցի շուրջ եզրափակիչ խօսքը կատարեց Վեհափառ Հայրապետը։ Քննարկումներուն առընթեր, նաեւ առնուեցան շարք մը որոշումներ՝ յառաջիկայ շրջանին համար գործադրելի։ Վեհափառ Հայրապետը իր բացման թէ փակման խօսքերուն մէջ ընդգծեց հետեւեալ կէտերը.-

 
ա) Մեր եկեղեցւոյ կողմէ կատարուած որեւէ աշխատանք սովորական գործունէութիւն չէ, այլ իր էութեամբ ու նպատակով առաքելութիւն է. հետեւաբար, այս հայեցակէտով պէտք է արժեւորել մեր Սուրբ Աթոռին կողմէ կատարուած որեւէ աշխատանք։ բ) Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը պէտք չէ դիտել նեղ շրջագիծի մէջ, այլ համահայկական ծիրէն ներս՝ իր կրօնական ու ազգային երեսներով, տարածքներով ու արտայայտութիւններով։ գ) Մեր Աթոռը իր առաքելութիւնը կը կատարէ համարատուութեան ու պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ՝ հեռու քարոզչական եւ զգացական մօտեցումներէ։ Հետեւաբար, կատարուած աշխատանքի արժեւորումը պէտք է ըլլայ իրապաշտ մօտեցումով։ դ) Մեր եկեղեցւոյ առաքելութիւնը կը կատարուի ներկայ յարափոփոխ աշխարհին մէջ. հետեւաբար, մեր աշխատանքներն ու ծրագրումները պէտք է ըլլան համահունչ մեր ժողովուրդին ներկայ պայմաններուն, բնականաբար առանց հեռանալու մեր եկեղեցւոյ ու ազգին հիմնական արժէքներէն ու աւանդութիւններէն։
 
Ստորեւ ամփոփ գիծերով կը ներկայացնենք կատարուած քննարկումներուն եւ առնուած որոշումներուն ընդհանուր պատկերը.-
 
1) Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը եկեղեցւոյ առաքելութեան մայր ջիղն է։ Հայ եկեղեցւոյ պարագային, կարելի չէ անջատել քրիստոնէական դաստիարակութիւնը հայեցի դաստիարակութենէն։ Մեր ժողովուրդի ներկայ պայմանները, յատկապէս սփիւռքի մէջ, կը պարտադրեն, որ հայ մարդու քրիստոնէական ու ազգային կազմաւորումը կատարուի դաստիարակութեան այս երկու տարածքներու ներդաշնակ կիրառումով։ Այս ծիրէն ներս, ընտանիքը, դպրոցը եւ եկեղեցի առանցքային դեր ունին կատարելիք։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը թէ՛ ազգային վարժարաններու եւ թէ քրիստոնէական դաստիարակութեան առնչուած ծրագիրներու ճամբով, պէտք է շարունակէ յատուկ կարեւորութիւն ընծայել քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութեան։ Հետեւաբար, կրօնի դասաւանդութիւնը հայ դպրոցէն ներս կարիք ունի առաւել կազմակերպման։ Իսկ քրիստոնէական դաստիարակութեան գծով, ժողովրդային հրատարակութիւնները, Սուրբ Գրոց սերտողութիւնները, ընկերային ցանցերու ազդու գործածութիւնը, ընկերաբարոյական հարցերու շուրջ դասախօսութիւններու կազմակերպումը անհրաժեշտ է որ շարունակուին մասնաւորաբար ծուխերէն ներս։ Կաթողիկոսարանը այս ուղղութեամբ միշտ պատրաստ է միաբան հայրերու ճամբով եւ այլ միջոցներով առաւելագոյն չափով օգտակար դառնալ մեր թեմերէն ներս կատարուող աշխատանքներուն։
 
2) Երիտասարդութիւնը պէտք է մնայ մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան սեւեռակէտը։ 2009 տարին Վեհափառ Հայրապետը “Երիտասարդութեան Տարի” հռչակած էր։ Այս նախաձեռնութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ, որ մեր թեմերը յատուկ կարեւորութիւն ընծայեն երիտասարդութեան՝ շարք մը գործնական քայլերու դիմելով։ Նորին Սրբութիւնը յաճախակի կերպով հանդիպումներ ու երկխօսութիւններ ունեցած է երիտասարդներուն հետ։ Երիտասարդական միութիւններ ստեղծուած են ու հաւաքներ կազմակերպուած՝ թէ՛ թեմական եւ թէ Կաթողիկոսութեան մակարդակներու վրայ։ Հարկ է որ այս աշխատանքները շարունակուին, հեռու մնալով ձեւական նախաձեռնութիւններէ եւ կարեւորութիւն տալով երիտասարդութիւնը յուզող հարցերու քննարկման, ինչպէս նաեւ երիտասարդները համախմբելով մեր եկեղեցւոյ ու գաղութներուն շուրջ։ Այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ է հաղորդ դարձնել մեր երիտասարդները՝ հայերէն, անգլերէն ու ֆրանսերէն լեզուներով երիտասարդութեան առնչուած Վեհափառ Հայրապետի գրութիւններուն։
 
3) Միջ-եկեղեցական շարժումը եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւոր բնագաւառներէն մէկն է։ Մեր Աթոռին աշխոյժ ներկայութիւնը այս շարժումէն ներս կը շարունակուի թէ՛ միջ-եկեղեցական կառոյցներու եւ թէ աստուածաբանական երկխօսութիւններու ճամբով։ Գլխաւոր եկեղեցիներուն եւ եկեղեցական ընտանիքներուն հետ եւս մեր Աթոռին երկողմանի յարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը վերանորոգ թափով կը շարունակուի։ Անհրաժեշտ է որ մեր թեմերէն ներս եւս միջ-եկեղեցական շարժումին յատուկ կարեւորութիւն տրուի, շեշտը դնելով գործակցութեան վրայ։
 
4) Միջ-կրօնական յարաբերութիւնը ներկայ աշխարհին մէջ դարձած է հրամայական։ Այս շրջագիծէն ներս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնն ու գործակցութիւնը յատուկ կարեւորութիւն ստացած են ո՛չ միայն Միջին Արեւելքէն, այլ բոլոր ընկերութիւններու կեանքէն ներս։ Մեր Ս. Աթոռը կը շարունակէ հետեւողական մասնակցութիւն բերել քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնն ու գործակցութիւնը աւելի ամրապնդող բոլոր նախաձեռնութիւններուն։ Թելադրելի է, որ թեմերէն ներս եւս տեղական պայմաններու համապատասխան մօտեցումով մասնակից դառնանք նման աշխատանքներու։
 
5) Դպրեվանքը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կեանքին ու առաքելութեան մէջ առանցքային տեղ կը գրաւէ։ Հոգեմտաւոր կազմաւորումի ճամբով Դպրեվանքը մշակներ կը պատրաստէ հայ ժողովուրդին եւ մասնաւորաբար մեր եկեղեցւոյ ծառայութեան նուիրուելու։ Ողջունելով մարդուժի պատրաստութեան գծով Դպրեվանքին կատարած կարեւոր իրագործումները վերջին տարիներուն, շեշտուեցաւ բոլոր թեմերէն ներս նոր աշակերտներ արձանագրելու հրամայականը։
6) Քահանայից պատրաստութեան դասընթացքը կրթական անկախ միաւոր մըն է հաստատուած Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս։ Դասընթացքի մասնակցող սարկաւագներ ու քահանայացուներ, նաեւ յատուկ դասերու կը հետեւին Դպրեվանքէն եւ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական ճեմարանէն ներս։ Վերջին տարիներուն վերակազմակերպուեցաւ յիշեալ կառոյցը նոր դասանիւթերու եւ ուսուցիչներու յաւելումով։ Այս ծիրէն ներս վերաշեշտուեցաւ տուեալ թեմերու մէջ ծառայելու կոչուած քահանայացուներու ընտրութիւնը նոյն թեմերէն ներս կատարելու անհրաժեշտութիւնը։
 
7) Յատուկ կարկեւորութեամբ ընդգծուեցաւ Եպիսկոպոսաց Ժողովի աշխատանքներուն շարունակումը։ Հայ եկեղեցւոյ բարեկարգութիւնը ունենալով որպէս հիմնական նպատակ, Եպիսկոպոսաց Ժողովները իրենց աշխատանքները հարկ է որ դարձնեն աւելի կազմակերպ ու հետեւողական, քննելով յատկապէս այնպիսի նիւթեր, որոնք մեր եկեղեցւոյ ներկայ կեանքին ու առաքելութեան հետ սերտ աղերս ունին ու կը ծառայեն մեր եկեղեցին ժողովուրդի կեանքէն ներս դարձնելու կենդանի ներկայութիւն։
 
8) Հայ եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներու միջեւ սերտ գործակցութիւնը, մասնաւորաբար մեր եկեղեցւոյ ընդհանրական հարցերուն ու համահայկական խնդիրներուն շուրջ, նկատուեցաւ յոյժ կարեւոր։ Անցնող տարիներու գործակցութիւնը պէտք է խթան դառնայ աւելի ամրապնդելու մեր եկեղեցւոյ ներքին միութիւնը՝ բնականաբար նկատի ունենալով կրօնաքաղաքական տարբեր միջավայրերու մէջ գործող նուիրապետական մեր սուրբ Աթոռներու ներքին դրուածքները, իւրայատկութիւնները ու դիմագրաւող մարտահրաւէրները։
 
9) Հայ Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիներուն հետ հայ եկեղեցւոյ գործակցութեան ծաւալումը միշտ պէտք է մնայ առաջնահերթութիւն՝ մեկնելով համահայկական մտածողութիւնն ու գործակցութիւնը առաւել արմատացնելու յանձնառութենէն։ Հակառակ դաւանական տարբերութիւններուն, մեր եկեղեցիները հայկական եւ քրիստոնէական նոյն արմատները ունին. Հետեւաբար, ներքին գործակցութեան ամրապնդումը, յատկապէս գաղութներու կեանքէն ներս նկատուեցաւ կենսական։
 
10) Ընկերային ծառայութիւնը եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւոր դաշտերէն մէկն է։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Ազունիէի Ազգ. Բուժարանին, Ազգային Ծերանոցին, Թռչնոց Բոյնին, Ժողովրդային տուներու ծրագիրին եւ այլ նախաձեռնութիւններու ճամբով կը շարունակէ օգտակար հանդիսանալ մեր ժողովուրդի կարիքներուն։ Մեր Սուրբ Աթոռին թեմերը եւս, իրենց ներքին պայմաններուն ու շրջապատին համապատասխան մօտեցումներով անհրաժեշտ է որ շարունակեն մեր եկեղեցւոյ ընկերային ծառայութիւնը՝ զայն միշտ նկատելով առաջնահերթութիւն։
 
11) Աստուածաշունչի արեւմտահայերէնի թարգմանութիւնը, զոր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռութեամբ սկսուած էր շուրջ 25 տարիներ առաջ, կը շարունակուի։ Նոր Կտակարանը արդէն իսկ ամբողջացած ու հրատարակուած է. իսկ Հին Կտակարանին մէկ մասը թարգմանուած։ Ողջունելով այս մարզէն ներս կատարուող աշխատանքը, շեշտուեցաւ մօտ ապագային զայն ամբողջացնելու անհրաժեշտութիւնը։
 
12) Մեր եկեղեցւոյ կեանքէն ներս հոգեւոր արժէքներու նկատմամբ մեր զաւակներուն տակաւ աճող նախանձախնդրութիւնը նկատուեցաւ մեծապէս գնահատելի։ Այս ուղղութեամբ շեշտուեցաւ աստուածաշնչական սերտողութիւններու եւ հոգեւոր հաւաքներու կենսական կարեւորութիւնը։ Նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ հոգեւոր եղբայրակցութիւններու գործունէութեան, յիշեցնելով մեր եկեղեցւոյ հովանիին տակ գործելու, ինչպէս նաեւ մեր եկեղեցւոյ դաւանական ու աստուածաբանական ուսուցումներու համահունչ գործելու հրամայականը՝ հետեւելով մեր Սուրբ Աթոռին կողմէ պատրաստուած եւ հոգեւոր եղբայրակցութեանց գործունէութեան յստակ ուղղութիւն տալու կոչուած ուղեգիծին։
 
13) Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը յատուկ կարեւորութիւն կու տայ կանոնագրութեան։ Կաթողիկոսութիւնը ունի իր ընդհանուր կանոնագրութիւնը՝ Ազգային Սահմանադրութեան հիմնական սկզբունքներէն առաջնորդուած։ Նաեւ իւրաքանչիւր թեմ ունի իր կանոնագրութիւնը՝ նոյն սկզբունքներու հիման վրայ պատրաստուած եւ տեղական պայմաններուն պատշաճեցուած։ Կարգ մը թեմեր կանոնագրային որոշ բարեփոխումներ առաջարկած էին։ Յառաջիկային առաջարկուած բարեփոխումները պիտի քննուին եւ ապա պիտի վաւերացուին Վեհափառ Հայրապետի կողմէ։
 
14) Ժողովական աշխատանքներուն նաեւ մաս կազմեց 2016 տարուան իրագործուած պիւտճէին եւ 2017 տարուան նախահաշիւ պիւտճէին քննարկումն ու վաւերացումը։ Ժողովականներ բարձր գնահատանքով անդրադարձան որ շուրջ մէկուկէս միլիոն տոլարի պիւտճէով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հսկայ առաքելութիւն է որ կը կատարէ իր զանազան բաժանմունքներու ճամբով։ Եւ հակառակ յիշեալ փոքր պիւտճէին, նկատուեցաւ որ տուեալ պիւտճէին մէկ երրորդ համեմատութիւնը միշտ կը մնայ բաց։ Շեշտուեցաւ Կաթողիկոսարանին կողմէ կատարուող զանազան աշխատանքներու՝ կրօնական դաստիարակութիւն, մանկավարժական կեդրոն, հայագիտական դասընթացք, արեւմտահայերէնի պատշպանութեան ծրագիր, Դպրեվանք, քահանայից պատրաստութիւն, եւլն., անհատ բարերարներու նուիրատուութեամբ յատուկ հիմնադրամներ հաստատելու անյետաձգելի կարիքը, որպէսզի Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը դառնայ աւելի հեզասահ՝ հեռու տնտեսական առօրեայ մտահոգութիւններէ։
 
15) Կալուածական-շինարարական մարզէն ներս անցնող տարուան ընթացքին կատարուած աշխատանքները նկատուեցան գնահատելի, յատկապէս Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի բարեզարդման առնչուած։ Այս մարզէն ներս պատրաստուած նոր ծրագիրներու իրագործումները՝ միաբանական նոր շէնք ու գերեզմանատուն Պիքֆայայի մէջ, նոր սրահ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, նոր մատենադարանի շինութիւն, “Կիլիկիա” Թանգարանի ընդլայնում, եւլն. կը կարօտին անհատ բարերարներու։
16) Բարձր գնահատանք արձանագրուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս գործող կրթական ու մշակութային հետեւեալ կառոյցներու գործունէութեան համար.- ա) Մանկավարժական Կեդրոն, որ ներկայ կրթական տարեշրջանին ունի 18 աշակերտներ՝ պետական BT վկայականին պատրաստուող. Բ) Հայագիտական դասընթացք, որուն ներկայ տարեշրջանին կը մասնակցին 34 ուսանողներ. Գ) Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողով, որուն մաս կը կազմեն 27 մտաւորականներ զանազան գաղութներէն։
 
17) Ժողովը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ Սուրբ Աթոռին նախաձեռնութեամբ շուրջ երեք տարիներ առաջ Արցախի մէջ կեանքի կոչուած “Նոր Կիլիկիա” գիւղի շինութեան ծրագիրին երրորդ հանգրուանը արդէն իսկ աւարտած է եւ յառաջիկայ գարնան անոր պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ։ Թելադրուեցաւ որ յիշեալ ծրագիրը շարունակուի մեր թեմերու եւ անհատ բարերարներու գործօն մասնակցութեամբ։
 
18) Զեկոյց տրուեցաւ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջքի դատին շուրջ։ Յիշեալ դատը մերժուելէ ետք Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին կողմէ, 6 Դեկտեմբեր 2016-ին, ներկայացուած է Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարան։ Այս ուղղութեամբ Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած էր մամլոյ ասուլիս յառաջիկայ ամիսներուն եւս նմանօրինակ մամլոյ ասուլիսներ պիտի կազմակերպուին Պէյրութի, Փարիզի եւ Ուաշինկթընի մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ առնուած ներկայ իրաւական քայլին կարեւորութիւնը անգամ մը եւս վեր առնուեցաւ ու առաջարկուեցաւ այս գործընթացը շարունակելու կարելիութիւններու հետապնդումը։
 
19) Ժողովը լայն կերպով անդրադարձաւ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի յառաջիկայ աշխատանքներուն։ Ան իր խոր գնահատանքը ու ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց սուրիական տագնապի վերջին հինգ տարիներուն կատարուած օժանդակութիւններուն, Վեհափառ Հայրապետին նախ Քէսապ, Լաթաքիա, Թարթուս, եւ ապա Հալէպ կատարած այցելութիւններուն, եւ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի գծով իր կատարած կոչին համար։ Կատարուեցան քննարկումեր ու շեշտուեցաւ ամբողջական ու գործօն մասնակցութեամբ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումին նեցուկ կանգնելու հրամայականը՝ որպէս համահայկական առաջնահերթութիւն։
 
20) Որոշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր ժողովը գումարել 5-8 Դեկտեմբեր 2017-ին։