Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ’ԱՅՑԵԼԷ ԱԶՈՒՆԻԷԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆ

 
 
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան բարեբեր տօներուն նախօրեակին իր կատարած կատարած այցելութիւններու ծիրէն ներս, Ուրբաթ, 30 Դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, ընկերակցութեամբ խումբ մը Միաբան Հայրերու, այցելեց Ազունիէի Ազգային Բուժարան:
Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուելէ ետք Ազգային Բուժարանի խնամակալութեան, տնօրէնութեան եւ պատասխանատու բժիշկներուն կողմէ, անոնց հետ կարճ հանդիպում մը ունեցաւ: Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց անոնց տարած ընկերային ու մարդասիրական ծառայութիւնները եւ քաջալերեց զանոնք, որ նոյն նուիրումով շարունակեն իրենց վստահուած առաքելութիւնը:
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ու մտերմիկ զրոյց ունեցաւ բուժարանի բնակիչներուն՝ պատսպարեալ ծերունիներուն հետ: Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութեան խօսքին ընդմէջէն խրախուսեց զանոնք, հաւաստիացնելով, թէ Եկեղեցին եւ ազգը միշտ պատրաստ են հայ տարեցին կողքին ըլլալու:
Նորին Սրբութիւնը իր ողջոյնին մէջ մասնաւորեց. «Չենք կրնար Եկեղեցին բաժնել ընկերային ծառայութենէն: Ծառայութիւնը իր բոլոր երեսներով անքակտելի մասը կը կազմէ մեր Եկեղեցւոյ սրբազան առաքելութեան: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր ծաւալած բազում գործունէութեանց կողքին յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ կարիքաւոր ծերունիին եւ բոլոր անոնց, որոնք կարօտ են ընկերային խնամքի: Բոլոր հայ տարեցները արժանի են գնահատանքի եւ գուրգուրանքի: Ես կ’աղօթեմ առ բարձրեալն Աստուած, որ իր երկնային Սուրբ ուժովը սփոփէ ձեզ, զօրացնէ ձեզ՝ ձեր հաւատքին մէջ եւ առաջնորդէ ձեզ՝ առողջութեամբ եւ իմաստութեամբ»:
Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետին ընկերացող Միաբան Հայրերը Աստուածայայտնութեան նուիրուած շարականներու երգեցողութեամբ, Ս. Ծննդեան յատուկ հոգեւոր պահ մը ստեղծեցին: Ապա Վեհափառ Հայրապետը «հիւանդաց բժշկութեան» աղօթքով օրհնեց տարեց ու հիւանդ պատսպարեալները:
Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը խնամակալ մարմնի անդամներուն ընկերակցութեամբ այցելեց բուժարանի վերանորոգուած յարկաբաժինները:
Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հովանաւորն է Ազգային Բուժարանի գործունէութեանց:
2016 թուականը «Ծառայութեան Տարի» հռչակուած էր Վեհափառ Հայրապետին կողմէ: Ծառայութեան Տարուան նուիրուած բազմաթիւ ձեռնարկները, որոնք իրագործուեցան Լիբանանի եւ մեր բոլոր թեմերէն ներս, իրենց պսակումը ունեցան Հռչակողին՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ծառայական այցելութեամբ դէպի Ազգային Բուժարան: