Հայ Եկեղեցւոյ ամէնէն նուիրական ու հոգեթով արարողութիւնը՝ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը, որ աւանդութեան համաձայն եօթ տարին անգամ մը կը կատարուի, հոգեւոր վերանորոգութիւն կ’առթէ եւ Սուրբ Հոգւոյ շնորհաբաշխ ներկայութեամբ կը հզօրացնէ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը: Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին տեղի ունեցած Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը իր յատուկ նշանակութիւնը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար, որոնք 100 տարիներ շարունակ աղաղակող ձայնը հանդիսացան անպատիժ մնացած այս անմարդկային ոճիրին: Եւ ահաւասիկ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը եկաւ օծելու հարիւր հազարաւոր անմիւռոն մնացած մանուկներու եւ մէկ ու կէս միլիոն նահատակ սուրբերու յիշատակը եւ վերանորոգելու մեր արդար դատին պայքարի շարունակութիւնը:
Շաբաթ, 18 Յուլիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան Հայրապետական թափօրը ծայր առաւ Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանէն եւ ուղղուեցաւ դէպի Վանքի շրջափակին մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը, որուն առջեւ տեղի ունեցաւ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութիւնը: Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Աջը պահպանող պատմական արկղը շալկող երկու եպիսկոպոսներ, Սուրբ Էջմիածնի Միւռոնը, հին Միւռոնը, բալասանը եւ վարդի իւղը բռնող եպիսկոպոսներ, առաւել տասներկու զգեստաւորուած եպիսկոպոսներ առաջնորդեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը: Հազարաւոր ուխտաւորներ, որոնք եկած էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերէն՝ հեռաւոր հիւսիսային ու հարաւային Ամերիկաներէն, Եւրոպայի զանազան երկիրներէ, Պարսկաստանէն, Արաբական երկիրներէ ողողած էին Սուրբ Աստուածածին Վանքի հսկայ շրջափակը: Հոծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութիւնը պերճախօս վկայութիւն մըն էր, մեր ժողովուրդի ամուր կապուածութեան ու հաւատարմութեան հանդէպ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ անոր հաւատքի առաքելութեան:
Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդներու շարքին, սրբազան արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ՝ Գերշ. Տ. Վազգէն Եպս. Միրզախանեան, Վիրահայոց Առաջնորդ եւ Գերշ. Տ. Վարդան Եպս. Նաւասարդեան: Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան ներկայացուցիչն էր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան:
Արարողութեան ներկայ գտնուեցան եւ աղօթակից դարձան զանազան եկեղեցիներու՝ Ղպտի Ուղղափառ, Հապէշ Ուղղափառ, Հնդիկ Մալապպար, Ասորի Ուղղափառ, Մարոնի, Յոյն Ուղղափառ, Ռուս Ուղղափառ, Կաթոլիկ, Յոյն Կաթոլիկ, Ասորի Կաթոլիկ, Հայ Կաթոլիկ, Քաղդէացի, Աւետարանական, Հայ Աւետարանական համայնքներու պետեր եւ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Պապական Նուիրակը եւ Վատիկանէն Ֆրանսիս Պապին անձնական ներկայացուցիչ կարտինալը: Ներկայ էին նաեւ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, դեսպաններ եւ Կաթողիկոսարանի օտար թէ հայ բարեկամներ: Զանազան եկեղեցիներու պետերը, որոնք չկրցան անձամբ եւ կամ ներկայացուցիչներու միջոցաւ ներկայ գտնուիլ արարողութեան, շնորհաւորական նամակներ յղեցին Վեհափառ Հայրապետին:
Արարողութիւնը ընթացաւ Ատուածաշնչական եւ աղօթքներու ընթերցումներով՝ Վեհափառ Հայրապետին ու մասնակից եպիսկոպոսներուն կողմէ, աղերսելով աստուածային օրհնութիւնն ու Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը: Սրբալոյս Միւռոնի պատմական կաթսային կափառիչը բացուեցաւ եւ արարողապետ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեանին հրաւէրով եպիսկոպոսներ Վեհափառ Հայրապետին մատուցեցին անուշաբոյր վարդի իւղը եւ բալասանը, որ յատուկ աղօթքներու ընթերցումով Նորին Սրբութիւնը խառնեց նոր Միւռոնին: Ապա, Նորին Սրբութիւնը նոր Միւռոնին խառնեց Սուրբ Էջմիածնի մէջ օրհնուած Սուրբ Միւռոնը, ի նշան Հայ Եկեղեցւոյ անքակտելի միութեան եւ վերջապէս միւռոնաթափ աղաւնիին մէջէն Վեհափառ Հայրապետը հեղուց հին Միւռոնը՝ ապահովելով շարունակականութիւնը Ս. Թադէոս Առաքեալի Հայաստան բերած բժշկարար իւղին եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ օրհնուած Միւռոնին:
Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչ Սրբազանը կարդաց Ամենայն Հայոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի խօսքը, որուն մէջ եղբայրական սիրով կ’ողջունէր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը: Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը իր յղած խօսքին միջոցով ըսաւ. «Սրբացեալ մեր նահատակները եւ բոլոր սրբերի բարեխօսութեան աղերսով այժմ միաւորւում ենք մեր աղօթքները Սուրբ Միւռոնի օրհնութեան առիթով՝ հայցելով, որ Տէրը նրանով պարգեւի մեզ հոգեւոր խաղաղութիւն, դէպի Աստուած անսայթաք ընթացք եւ մեր կեանքը պահպանի խաղաղութեան ու բարօրութեան մէջ: Միւռոնօրհնութեան այս սրբազան արարողոթիւնը վերստին հրաւէր է մեզ առ Աստուած հաւատքի եւ ուխտի նորոգութեան, նախանձախնդրութեան հոգեւոր ու ազգային մեր ինքնութեան հանդէպ, հրաւէր՝ միաբան ու միասնական մեր ջանքերը ներդնելու ի սպաս մեր Եկեղեցու պայծառութեան, մեր հայրենիքի շենացման ու հզօրացման, ի Սփիւռս աշխարհի ազգային մեր կեանքի զօրացման»:
Արարողութեան ամէնէն նուիրական պահը եղաւ երբ Հայ Եկեղեցւոյ «Հաւատքի Հօր» Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի աջով Վեհափառ Հայրապետը խառնեց նոր Միւռոնը եւ ապա, նոր Միւռոնով թաթխուած Սուրբ Աջով օրհնեց ներկայ հազարաւոր ժողովուրդը:
Արարողութեան երգեցողութիւն կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Հոգշ. Տ. Գարեգին Վրդ. Շխրտմեանի: Միւռոնօրհնէքի կնքահայրութիւնը ստանձնած էր Սպահան-Իրանէն Տիար Վարուժ Մինասեան: Հայրապետական «Ամպ հովանի»ն բռնելու պատիւը տրուեցաւ Կաթողիկոսարանի բարերարներէն՝ Տոքթ. Տրդատ Մանկիկեանի (Միացեալ Նահանգներ), Տիարք Ալեքքօ Պէզիքեանի (Զուիցերիա), Հրայր Սողոմոնեանի (Ա.Մ. Էմիրութիւններ), Արա Խանոյեանի ((Ա.Մ. Էմիրութիւններ), ԳրիգորՄահսէրէճեանի (Ա.Մ. Էմիրութիւններ), Հենրիկ Տէր Ղուկասեան (Իրան), Սուրէն Սարգիսեանի (Լիբանան) եւ Ատոմ Թնճուկեանի (Անգլիա):
Հոգեպարար արարողութեան աւարտին, Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր Հայրապետական հոգեշունչ պատգամը յղեց ներկայ եւ արբանեակային ուղղակի հեռասփռումի ճամբով աշխարհի չորս կողմերուն արարողութեան հետեւող հայ ժողովուրդի զաւակներուն:
Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին սկիզբը նախ ողջունեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Երուսաղէմի ու Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռներու Գահակալները, Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահը, աշխարհի բոլոր կողմերէն ժամանած հոգեւոր պետերը, եկեղեցիներու ու միջ-եկեղեցական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները եւ զանազան գաղութներէն ժամանած ուխտաւոր ժողովուրդը։ Խօսելով Սուրբ Միւռոնի մասին, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Սրբալոյս Միւռոնը իւրայատուկ տեղ ունի մեր եկեղեցւոյ ծէսին ու ընդհանրապէս մեր քրիստոնէական կեանքին մէջ։ Սուրբ Միւռոնի դրոշմով հայ մանուկը աստուածային շնորհներով կը լեցուի եւ կը դառնայ հայ եկեղեցւոյ զաւակ։ Սուրբ Միւռոնի օծումով Աստուծոյ ու հայ եկեղեցւոյ սպասաւորութեան կոչուած հայ մարդը կը դառնայ նոր մարդ։ Սուրբ Միւռոնի ներկայութեամբ ապականութիւնը կը հեռանայ մեր կեանքէն ու սրբութեան շղարշով կը ծածկուի մեր կեանքը։ Սուրբ Միւռոնի հեղումով հաւատքի զէնքով, յոյսի վահանով ու սիրոյ ուժով զինուած կը դիմագրաւենք կեանքի ամէն տեսակ չարերն ու չարիքները։ Այս համոզումով մեր ժողովուրդը ջերմ հաւատքով ու խոր երկիւղածութեամբ մօտեցած է Միւռոնին»։
Ապա, մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի պատմութեան անդրադառնալով, Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց. «Պատմութեան խաւարին դիմաց մեր կեանքը լոյսի ու յոյսի ճառագայթներով պայծառակերպեց Սուրբ Միւռոնը։ Պատմութեան փոթորիկներուն դիմաց երկնային խաղաղութեան աւետիսը բերաւ Սուրբ Միւռոնը։ Հայ եկեղեցւոյ Սրբալոյս Միւռոնը անքակտելիօրէն շաղախուեցաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան հետ. քալեց հայ կեանքի տառապալից ճամբաներէն, նոյնացաւ հայու էութեան հետ, ձգտումներուն ու երազներուն հետ, դառնալով հայո՛ւ Միւռոն։ Սուրբ Միւռոնով դրոշմուեցաւ հայը, անով ստացաւ իր քրիստոնեայ հայու անունը, այլ խօսքով՝ իր հարազատ ինքնութիւնն ու իւրայատուկ դիմագիծը, ապրելու, պայքարելու ու ստեղծագործելու հաւատքն ու կամքը»։
Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Միւռոնը նկատեց «Մեր եկեղեցւոյ միութեան ամուր շաղախը. այս խոր գիտակցութեամբ է որ Կաթողիկոսական երկու Աթոռներու Միւռոնները օրհնութեան ժամանակ իրարու կը խառնուին, դառնալով նոյն եւ մէկ եկեղեցւոյ նոյն Միւռոնը»։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ շեշտեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով տեղի ունեցող ներկայ Միւռոնի օրհնութիւնը յատուկ կարեւորութիւն մը ունի, «Սրբալոյս Միւռոնին օրհնութիւնը հրաւէր մըն է մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ իրենց քրիստոնէական հաւատքը խորացնելու, սէրը ամրապնդելու ու պահանջատիրական կամքը պրկելու։ Սրբալոյս Միւռոնին օրհնութիւնը կոչ մըն է մեր ժողովուրդի զաւակներուն մեր ազգային պահանջատիրական պայքարը Միւռոնի հոգեւոր զօրութեամբ թրծելու»։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը իր Հայրապետական պատգամը փակեց խնդրելով Աստուծմէ, որ Սուրբ Միւռոնի օրհնութիւնը դառնայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար հոգեւոր վերածննդեան ու ազգային զարթօնքի աղբիւր։