Կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, Երկուշաբթի, 25 Մարտ 2019-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ հիւրընկալեց շուրջ 100 հայ տարեցներ, որոնք եկած էին Պուրճ Համուտի ազգային ծերանոցէն, Ազունիէի ազգային բուժարանէն եւ Առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքէն։ Մամիկներն ու պապիկները, առաջին հերթին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մասնակցեցան Արեւագալի ժամերգութեան։ Եկեղեցական արարողութենէն ետք, Վեհափառ Հայրապետին հետ միասին, անոնք շրջեցան Մայրավանքի շրջափակը եւ այցելեցին Սրբոց Նահատակաց յուշարձան, որմէ ետք բարձրացան սեղանատուն՝ իրենց ճաշը ունենալու Նորին Սրբութեան հետ։
Ճաշի ընթացքին մամիկներն ու պապիկները երգերով, արտասանութիւններով ու շարականներու երգեցողութեամբ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեցին։ Մտերմիկ սիրոյ սեղանին շուրջ, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանը բարի գալուստի խօսք արտասանեց, ապա հրաւիրեց Հայրապետը՝ փոխանցելու համար իր հայրական խօսքը։ Նորին Սրբութիւնը հոգեկան հրճուանքով ողջունելէ ետք տարեցները՝ արժեւորեց իրենց կեանքի ընթացքին կատարած բազմաթիւ զոհողութիւնները՝ հայ ընտանիքը հա՛յ պահելու իրենց ամուր կամքին եւ ազգային, քրիստոնէական ու բարոյական արժէքները վառ պահելու իմաստով։ Արդարեւ, այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց այն բոլոր կազմակերպութիւններուն, կառոյցներուն ու մարմիններուն, որոնք հոգատարութիւն ու խնամք կը ցուցաբերեն մեր ազգին մամիկներուն ու պապիկներուն նկատմամբ, միաժամանակ շեշտելով, որ տարեցները անտէր ու անտիրական չեն կրնար ըլլալ մեր ազգային կեանքէն ներս, որովհետեւ մենք ազգովին պարտականութիւնը ունինք պաշտպան ու նեցուկ ըլլալու ընտանիք կազմած ու ազգին զաւակներ տուաց մեր հայրերուն ու մայրերուն։
Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը «Պահպանիչ» աղօթքով տարեցներուն փոխանցեց իր հայրական օրհնութիւնը։