Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, 2003 թուականէն սկսեալ, իւրաքանչիւր տարին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հռչակած է մեր ժողովուրդին կեանքին առնչուած դէպքի մը, արժէքի մը, մտահոգութեան մը՝ հրաւիրելով մեր ժողովուրդը զանազան միջոցներով լուսարձակի տակ բերելու զայն անհատական թէ հաւաքական կեանքէն ներս։ Արդ, հետեւելով իր նախաձեռնած դաստիարակիչ աւանդութեան, 2019 տարին Վեհափառ Հայրապետը հռչակեց «Հայ Մամուլի Տարի»։
Արդարեւ, Կիրակի, 13 Յունուար 2019-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, ընթերցուեցաւ Նորին Սրբութեան Հայրապետական պատգամը։ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ պատգամը ընթերցեց Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան։
Պատգամին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կը հաստատէ, որ մամուլը, մասնաւորաբար իր տեղեկատուական բնագաւառով եւ մանաւանդ ներկայ աշխարհին մէջ, ամէնէն հզօր ուժերէն մէկն է, որ կարողութիւնը ունի յեղափոխութիւններ յառաջացնելու, իշխանութիւններ քանդելու, նոյնիսկ ատելութիւն սերմանելու եւ դէմքեր ու դէպքեր վարկաբեկելու։ «Նշանները ցոյց կու տան, որ ներկայ ընթացքը կրնայ աւելի ուժեղ կերպով շարունակուիլ՝ տեղեկատուական մարզը դարձնելով աւելի՛ տիրական ընկերութեան կեանքին մէջ», կը նշէ ան։
Պատմական ակնարկ մը նետելէ ետք թէ՛ համաշխարհային եւ թէ՛ հայ մամուլին ծագումին հոլովոյթին մասին, Հայրապետը կը յիշեցնէ, որ հայ առաջին տպագիր թերթը «Ազդարար»ն է՝ լոյս տեսած 1794-ին, Մատրասի մէջ, Յարութիւն քհն. Շմաւոնեանի նախաձեռնութեամբ՝ ըլլալով գիտական, գրական, հասարակական, ինչպէս նաեւ կրօնական, դաստիարակչական ու բարոյախօսական նիւթեր պարունակող թերթ մը։ Հայրապետը պատգամին մէջ մանրամասնօրէն անդրադառնալով հայ մամուլին կարեւոր հանգրուաններուն, կը շեշտէ. «Ուր որ ալ հաստատուած է հայը, հետամուտ եղած է թերթ հրատարակելու։ Եթէ նոյնիսկ տպարան ունեցած չէ, դիմած է խմորատիպի, որոնք սակայն կեանքի պայմաններու բերումով ունեցած են կարճատեւ կեանք»։
Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը կ՚ընդգծէ, որ հայ մամուլը անփոխարինելի ներկայութիւն ունի հայ կեանքի մայր էջին վրայ՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ։ Սակայն հայ մամուլը դէմ յանդիման կը գտնուի մարտահրաւէրներու հետ, որոնց առնչութեամբ, Հայրապետը իր պատգամով կը խրախուսէ հայ մամուլի աշխատակիցներուն եւ կը թելադրէ անոնց, որ բազմերես ու բազմանպատակ մամուլի առաքելութեան մէջ շարունակեն ծառայել ժողովուրդին՝ տեղ տալով ինքնաքննարկման ու ինքնարժեւորման, որպէսզի համապարփակ մօտեցումով, իրապաշտ ու քննական ոգիով եւ առաւել յանձնառութեամբ շարունակեն իրենց առաքելութիւնը։ Արհեստագիտութեան արագութեան դարուն մէջ, Վեհափառ Հայրապետը կը յանձնարարէ միջազգային մամուլին հետ նոյն արագութեամբ քայլ պահել, սակայն հայկական արժէքներու ու ըմբռնումներու մաղէն անցընելով վնասակար ու ազգային ինքնութեան, բարոյական ու հոգեւոր արժէքներու խոտոր լուրերը։
Նորին Սրբութիւնը կը կարեւորէ հայ մամուլին հայակերտումի ու ազգակերտումի ներդրումը՝ «Հայ մամուլը, իր սովորական դերէն անդին, պէտք է դառնայ դպրոց՝ յատկապէս հոն, ուր չկայ հայակերտումի, ազգակերտումի ու հայրենակերտումի լծուած հայ դպրոց», ու այս ծիրին մէջ կը քաջալերէ մանկապատանեկան մամուլի հրատարակութեան զարգացումը, որովհետեւ հայ մամուլը ունի նաեւ դաստիարակիչ դեր, որուն համար հարկ է զգուշ ըլլալ, կը յորոդէ Հայրապետը, որպէսզի հայ մամուլը երիտասարդներուն համար կարենայ դառնալ «հետաքրքրական, աշխուժ եւ հայ ու օտար արժէքներու ու հայեցակէտերու երկխօսութեան հարթակ, ու այդ ճամբով՝ հայու ինքնութեան առաւել բիւրեղման ու հարստացման միջոց»։ Շարունակելով հայ մամուլին առաքելութեան գաղափարը, Հայրապետը կ՚ընդգծէ հայ մամուլին՝ ծայրայեղութիւններէ ու կուսակցական պայքարներէ հեռու մնալու կարեւորութիւնը ու կը հաստատէ. «Հայ մամուլին դերը աւելի՛ կը հզօրանայ ու իր համայքը աւելի՛ կը ծաւալի, երբ քաջալեր կը հանդիսանայ բազմակարծիքութեան, խթան կը դառնայ հայ քաղաքական մտքի զարգացման, ու հաւասարակշռուած կ՚ըլլայ իր մօտեցումներուն եւ արժեւորումներուն մէջ»։
«Հայ մամուլը իր էութեամբ ու կոչումով առաքելութիւն ըլլալով, կոչուած է վերանորոգ յանձնառութեամբ ջատագովը հանդիսանալ մեր ինքնութեան էական տարրերը կազմող հոգեւոր, բարոյական, ընկերային, մշակութային ու ազգային արժէքներուն ու աւանդութիւններուն, իտէալներուն ու խորհրդանիշերուն», կը նշէ Նորին Սրբութիւն, եւ հետեւաբար, կը շեշտէ հայ մամուլին հայ լեզուի պաշտպան ըլլալու ու այս ուղղութեամբ տարուած հաւաքական ճիգին մէջ առաջին ճակատի վրայ գտնուելուն հրամայականը։
Ազգային պահանջատիրութեան պայքարի մէջ, հարկ է հայ մամուլը ունենայ յառաջատար դեր ու դէմ դնէ հետզհետէ ծաւալող ապատեղեկատուութեան, կ՚ըսէ Հայրապետը պատգամին մէջ։ «Մամուլին ստանձնած նշեալ պարտաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ մեր սպասումները, զայն կը մղեն հայ կեանքին մէջ ստանձնելու, որոշ իմաստով, առաջնորդի դեր։ Արդարեւ, հայ մամուլը լոկ եղածը կամ տեսնուածը փոխանցողի կրաւորական դերին մէջ պէտք չէ ըլլայ. սոսկ մեր կեանքի հայելին պէտք չէ դառնայ, այլ՝ մեր կեանքի թերիները տեսնելու իմաստութիւնն ու արթնութիւնըեւ զանոնք սրբագրելու քաջութիւնն ու պարտաւորութիւնը պէտք է ունենայ», կը հաստատէ Արամ Ա. Կաթողիկոս։
«Հայ մամուլին առաքելութեան անբաժան մասը կը կազմէ գաղութի, ազգին ու հայրենիքին ամբողջականութեան պահպանումը ու միութեան ամրապնդումը։ Այսօր խիստ անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ձեւաչափով հայ մամուլի մը, որ դառնայ լուրջ, իրատես եւ համապարփակ քննարկումներու հարթակ՝ արժարժելով համահայկական ռրակարգեր եւ ճշդելով անոնց լուսաբանման եւ վերլուծման հիմնական ուղղութիւնները։ Ինչպէս առաքելութեան կոչուած եկեղեցին ժողովուրդին տանող եւ անոր արժէքները ու նպատակը կենսագործողը հոգեւորականն է, նոյնպէս ալ մամուլը առաքելութեան վերածողը մամուլի մշակն է։ Հետեւաբար, մամուլի սպասարկողներու նկատմամբ երբեմն կիրարկուող ապօրէն միջոցառումները՝ հալածանք, արգելք, բանտարկութիւն ու նոյնիսկ սպաննութիւն, խստօրէն դատապարտելի են», կը նշէ Հայրապետը իր պատգամին մէջ։
Նորին Սրբութիւնը պատգամը կ՚եզրափակէ լուսարձակի տակ առնելով ներկայի մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները, որոնք տպագիր մամուլը կը դնեն նեղ կացութիւններու դիմաց, առաւելաբար տնտեսական դժուարութիւններու պատճառով։ Առ այդ, Վեհափառ Հայրապետը կոչ կ՚ուղղէ՝ ըսելով. «Տնտեսապէս նեցուկ կանգնիլ հայ մամուլին եւ այդ մէկը կը նշանակէ զարգացած, ատակ ու փորձառու խմբագիրներ ու լրագրողներ ունենալ, որակաւոր բովանդակութեամբ ու մեծաթիւ էջերով մամուլ ունենալ, մեծ թիւով ընթերցողներ ունենալ եւ հայ մամուլի հայակերտ, ազգակերտ ու հայրենակերտ առաքելութիւնը աւելի ծաւալել»։
Հայրապետը իր պատգամը կ՚աւարտէ՝ ըսելով. «Այս առիթով Մեր աղօթքներուն մէջ կը յիշենք անցեալի այն բոլոր խմբագրապետները, խմբագիրները, լրագրողները ու ընդհանրապէս մամուլի մշակները, որոնք իրենց ամուր հաւատքով ու նուիրեալ աշխատանքով հայ մամուլին առաքելութիւնը պատասխանատուութեամբ կենսագործեցին նոյնիսկ մեր կեանքին ամենէն մռայլ պայմաններուն մէջ։ Բի՜ւր յարգա՛նք անոնց։ Հայրապետական Մեր օրհնութիւնը ու բարձր գնահատանքը կը յայտնենք մամուլի բոլոր սպասաւորներուն, որոնք, հակառակ բազմազան ու այլազան դժուարութիւններուն, հաւատարմօրէն կառչած կը մնան իրենց կոչումին։ Բի՜ւր պատի՛ւ իրենց»։