Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Երեքշաբթի, 15 Յունուար 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Դոկտ. Սուրայյա Պաշաալանի (ընդհանուր քարտուղարուհի) եւ Դոկտ. Ժան Սալմանեան (Գործադիր Վարչութեան անդամ), ինչպէս նաեւ զանազան բաժանմունքներու տնօրէններ:

 

Պատուիրակութիւնը Նորին Սրբութեան ներկայացուց Խորհուրդի վերջին տարուան աշխատանքները՝ կեդրոնանալով տնտեսական, վարչական, աստուածաբանական եւ ընկերային մարզերուն վրայ։

 

Վեհափառ Հայրապետը իր թելադրանքները կատարեց եւ շեշտեց Խորհուրդի աշխատանքին եկեղեցիներու մասնակցութեան եւ զօրակցութեան կարեւորութիւնը:

 

Հանդիպման աւարտին, ընդհանուր քարտուղարուհին յուշանուէր մը յանձնեց Հայրապետին որպէս երախտագիտութեան խորհդանիշ՝ Խորհուրդի աշխատանքներուն գծով Իր կատարած օգտաշատ թելադրանքներուն համար:

 

Յայտնենք, որ յառաջիկայ շաբաթ Խորհուրդը պիտի ունենայ իր Գործադիր Վարչութեան ժողովը, որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պիտի ներկայացնէ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան (Առաջնորդ Թեհրանի Հայոց Թեմի) եւ Դոկտ. Ժան Սալմանեան (Լիբանանի Սեն Ժոզեֆ Համալսարանէն ներս Արաբական Գրականութեան դասախօս):