ԴԱՆԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Դանիոյ ազգային, լուտերական եկեղեցին ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը Ուրբաթ, 5 Ապրիլ 2019-ի առաւօտուն, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Քոփենհակընի եպիսկոպոսը, միջ-եկեղեցական օգնութեան յանձնախումբի ատենապետը եւ Միջին Արեւելքէն ներս Դանիոյ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը։

 

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ լայնօրէն անդրադառնալու Դանիոյ եկեղեցւոյ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական յարաբերութեան։ Արդարեւ, հայոց ցեղասպանութեան շրջանին եւ յատկապէս անկէ ետք, յիշեալ եկեղեցին կարեւոր դեր ունեցաւ թէ՛ մեր ժողովուրդի զաւակներուն իր մատուցած մարդասիրական օժանդակութեան եւ թէ մանաւանդ որբահաւաքի գծով։ Արդարեւ, դանիացի միսիոնարուհի Մարիա Ճէքըպսընի կատարած որբահաւաքի աշխատանքը՝ «Թռչնոց Բոյն»ի հաստատման ճամբով, ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով Դանիոյ եկեղեցւոյ մարդասիրական ու ընկերային աշխատանքներուն՝ շեշտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Դանիոյ եկեղեցւոյ պատմական յարաբերութիւնը վերանորոգ կերպով շարունակելու կարեւորութիւնը։

 

Պատուիրակութիւնը, իր կարգին, յիշեց թէ հայ եկեղեցին ու հայ ժողովուրդը յատուկ տեղ ունին իրենց հաւաքական յիշողութեան մէջ եւ թէ իրենք միշտ պատրաստ են, կարելիութեան սահմաններուն մէջ, իրենց զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը յայտնելու հայ ժողովուրդին ու հայ եկեղեցւոյ։

 

Հանդիպման ընթացքին նաեւ արծարծուեցան քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր։ Այս ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը իր տեսակէտը պարզեց ներկաներուն՝ ընդգծելով, որ բազմակրօն ու բազմամշակոյթ ներկայ ընկերութեանց կեանքին մէջ երկխօսութիւնը դարձած է հրամայական անհրաժեշտութիւն նաեւ արեւմտեան աշխարհին մէջ։

 

Հանդիպումէն ետք, պատուիրակութեան անդամները այցելեցին Սրբոց Նահատակաց մատուռ եւ իրենց յարգանքը մատուցեցին ցեղասպանութեան նահատակներուն։