28 February, 2019

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ԱՅՍՕՐ ՄԵՆՔ ՔԱՋՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ՈՒՆԵՆԱՆՔ՝ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔՈՎ ՈՒ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՄԲ ԸՍԵԼՈՒ «ԱՅՍ ՀԱՒԱՏՔԷՆ ՄԵԶ ՈՉ ՈՔ ԿՐՆԱՅ ԽԱԽՏԵԼ»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Հինգշաբթի, 28 Փետրուար 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Սրբոց Վարդանանց տօնին նշումը, որուն նուիրուած Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, իսկ արարողութեան աւարտին, Վեհարանի դահլիճին մէջ, տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին իր Հայրապետական պատգամը փոխանցեց Նորին Սրբութիւնը։

 

Պատարագիչ սրբազանը իր քարոզին մէջ ընդգծեց հայ ժողովուրդին հաւաքական ինքնութեան անքակտելի ազդակներէն քրիստոնէութիւնը եւ անոր թրծած ամուր հաւատքը, որուն համար հայ ժողովուրդը մղեց սրբազան պատերազմ ու պատմութեան մէջ դրոշմեց իր կնիքը։ Սրբազանը դիտել տուաւ, որ Վարդանանց պատգամով հայ ժողովուրդը հաստատեց, որ քրիստոնէութիւնը իր մէջ չլուծեց ազգայինը, այլ զինք դրաւ հայ մարդ ըլլալու ճշմարիտ ճանապարհին վրայ։

 

Պատարագէն ետք, Հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ Վեհարանի դահլիճ, ուր ներկայ բազմութեան մասնակցութեամբ հնչեց Վարդանանց երգեր ու շարականներ։

 

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց իր Հայրապետական պատգամը։ Ան նշեց, որ դէպքերն ու անձերը կը կորսուին պատմութեան փոշիին մէջ, եթէ պատգամ ու հաւատք չունին փոխանցելիք գալիք սերունդներուն։ 451 թուականին մղուած Աւարայրի ճակատամարտը վճռադրոշմ դէպք մըն էր, որուն պատգամը կը պատկանի բոլոր ժամանակներուն։ Հայրապետը ընդգծեց, որ Աւարայրով քրիստոնէութիւնն ու հայութիւնը ամբողջութեամբ նոյնացան՝ դառնալով անբաժան ու անբաժանելի։ Եթէ Գրիգոր Լուսաւորիչով քրիստոնէութիւնը կենդանի ներկայութիւն դարձաւ հայ ժողովուրդին կեանքին մէջ ու Թարգմանչաց սերունդով քրիստոնէութիւնը հայացաւ, ապա թշնամիին թիրախը դարձաւ հարուածել հայուն հաւատքը, որպէսզի քանդէ անոր ինքնութիւնը։ Այս վտանգին ընդառաջ Վարդաններ եւ Ղեւոնդներ միանալով օրուան թշնամիին դէմ իրենց պատերազմը մղեցին, քանի որ «սովորական իմաստով հաւատք չէր իրենց հաւատքի հասկացողութիւնը, այլ հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու կողքին հոն առկայ էին նաեւ մեր հայրենիքի անկախութիւնը, ժողովուրդի մշակութային ու ազգային արժէքները, ձգտումներն ու երազները», ըսաւ Հայրապետը։

 

Ապա, Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ հայու ողջ պատմութեան ընթացքին անբաժանելի դարձած Եկեղեցի-Ժողովուրդ-Հայրենիք երրորդութեան մասին։ Ան շեշտեց, որ եկեղեցին երբեք ինքնակեդրոն հաստատութիւն չդարձաւ, այլ դարձաւ առաքելութիւն ու ծառայութիւն. «Եկեղեցին ինքզինք ըմբռնեց ու իրագործեց մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքին մէջ իբրեւ Քրիստոսառաք առաքելութիւն եւ ժողովուրդին կամքը հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով պայծառակերպող։ Եկեղեցւոյ դերը եղաւ եւ է մեր ժողովուրդը դարձնել կենդանի եկեղեցի եւ պատմութեան ընթացքին մնաց մեր հայրենիքի կողքին, որովհետեւ հաւատաց, որ հողէն ու ջուրէն անդին, հայրենիքը ժողովուրդն է՝ սիրոյ, հաւատքի, յոյսի ու երազի սերտ օղակներով իրարու հետ ընդելուզուած», ըսաւ Հայրապետը ու շարունակեց՝ ընդգծելով, որ «Մեր պատմութեան Ղեւոնդները եղան Վարդաններու կողքին. այն Վարդաններու, որոնք պատրաստ եղան իրենց արիւնը թափելու մեր եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին գերագոյն շահերուն համար»։

 

Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը եզրափակեց՝ ըսելով, որ պէտք չէ մնանք պատմութեան դէպքերը կամ դէմքերը յիշատակելու սահմաններուն մէջ. «Այսօր, մենք քաջութիւնը պիտի ունենանք Հայաստանի մէջ, Արցախի մէջ թէ սփիւռս աշխարհի, հաւաքական կեցուածքով ու յանձնառութեամբ ըսելու. «Այս հաւատքէն մեզ ոչ ոք կրնայ խախտել», եւ այս ո՛չ թէ խօսքով, այլ՝ մեր գործով ու մեր կեցուածքով։ Ա՛յս է պատգամը Վարդանանց սերունդին»։

 

Վարդանանց նուիրուած տօնակատարութիւնը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» քայլերգով։