Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը պիտի մեկնի Հալէպ, ուր օծումը պիտի կատարէ Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցոյ։ Այս առիթով, Վեհափառը նաեւ հանդիպումներ եւ այցելութիւններ պիտի ունենայ։
Նորին Սրբութիւնը Հալէպ պիտի մնայ 4 օր։ Անոր պիտի ընկերանան միաբան հայրեր եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներ։