«ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ԵՐԱԺՇՏԱՍԷՐ ՀԱՆՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀՄԱՅԵՑ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՄԵՐԳՈՎ

Բարձր հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Ուրբաթ, 4 Յունուար 2019-ին, Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը հանդէս եկաւ Մոնոյի Սեն Ժոզեֆ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Ծննդեան համերգով՝ ձօնուած իր հիմնադրութեան 45-ամեակին։

 

Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեանի խմբավարութեամբ շուրջ 50 անդամներէ բաղկացած երգչախումբը եկեղեցւոյ մէջ առաջին հերթին հնչեցուց «Տէրունական Աղօթք»ը՝ Մակար Եկմալեանի մշակումով, որմէ ետք երգչախումբը ներկայացուց փունջ մը Ծննդեան շարականներ։ Առ այդ, երգչախումբին դաշնահակար Մարիա Փալազեան-Բարսեղեանին միացաւ ջութակահարներու եւ թաւջութակահարներու կազմ մը, որ առաւել եւս հրապուրեց եկեղեցւոյ պատերուն մէջ արձագանգող սքանչելի կատարողութիւնը «Շնորհալի»ին։

 

Երգչախումբը Ս. Ծնունդի պատգամը հրամցուց հոն հաւաքուած հոծ բազմութեան հոգիները պարուրելով հայ եւ միջազգային երգերով։ Սեն Ժոզեֆ եկեղեցին կարծես վերածուեցաւ մեր հայկական պատմական եկեղեցիներէն մէկուն, ուր «Խորհուրդ մեծ», «Սուրբ, Սուրբ», «Քրիստոս Պատարագեալ» եւ այլ շարականներ հնչեցին եւ Քրիստոսի ծննդեան աւետիսը փոխանցեցին համայն աշխարհին։

 

Աւարտին, բեմ բարձրացաւ Նորին Սրբութիւնը, որ բարձր գնահատեց հայր սուրբին եւ երգչախումբի անդամներու տարած հետեւողական աշխատանքը։ Ան դիտել տուաւ, որ առաւելաբար սիրողական կերպով ընթացող երգչախումբը փաստեց իր արհեստավարժ եւ բարձրորակ կարողութիւնը՝ շնորհիւ լուրջ եւ յարատեւ աշխատանքի։

 

Համերգը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» քայլերգը միաբերան երգելով։