Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՍՕՍ ՍԱՐԳՍԵԱՆ»Ի ԱՆՈՒԱՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԹԱՏՐՈՆԻ ԽՈՒՄԲԸ

Ուրբաթ, 5 Ապրիլ 2019-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց շուրջ 15 անձերէ բաղկացած «Սօս Սարգսեան»ի անուան Համազգայինի պետական թատրոնի անդամները։ Անոնք Լիբանան եկած էին Համազգայինի հրաւէրով, շարք մը ներկայացումներ տալու այստեղ։

Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց թատերական մարզէն ներս խումբին տարած կարեւոր աշխատանքը եւ կոչ ուղղեց հաւատարիմ մնալու Սօս Սարգսեանի մեծ վաստակին ու ջերմ հայրենասիրութեան։ Ան ըսաւ, որ ինք մօտէն ճանչցած է Սօս Սարգսեանը եւ անոր մէջ տեսած ոչ միայն մեծ արուեստագէտը, այլ նաեւ մեծ հայրենասէրը։

Նորին Սրբութիւնը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ մեր մշակութային արժէքներու պահպանման ու առաւել հարստացման հրամայականին։ «Դժբախտաբար, Հայաստանի թէ՛ Սփիւռքի մէջ նահանջ մը կայ մշակութային մարզէն ներս։ Անհրաժեշտ է կասեցնել այդ նահանջը՝ առաջնահերթ կարեւորութիւն տալով հայ մշակոյթի վերածաղկումին։ Այս ծիրէն ներս պետութեան, եկեղեցւոյ ու մեր կազմակերպութիւններուն զօրակցութիւնը կը նկատենք անհրաժեշտ», շեշտեց Վեհափառը։ Ան նաեւ ողջունելով Հայաստան-Սփիւռք տակաւ աճող գործակցութիւնը, կոչ ուղղեց նոր ծաւալ տալու այդ գործակցութեան, ընդգծելով, որ «Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը միայն պիզնեսային ներդրում պէտք չէ ըլլայ, այլ նաեւ ընդգրէ մշակութային, հայագիտական եւ այլ մարզերը։